Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.949.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.996.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.799.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.269.000 լ. ոսկի: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 28 մարտ 2023-ին:  

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Բոլոր հանդիպումներուն պարագային Լիֆի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա: Լիֆ, որ նախանցեալ գիշեր հասած էր Պէյրութ, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետարանին մէջ Լիֆ հանդիպում մը...

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակին եւ երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքներն ու ամէնօրեայ դրութեամբ անոնց իրագործած զինուորական գործողութիւնները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Սլիմ եւ զօր. Աուն հաստատեցին այս գերզգայուն վիճակին ընթացքին լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին անվտանգութիւնն ու պայքարելու...

Միքաթի Շարունակեց Քննարկել  Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը

Միքաթի Շարունակեց Քննարկել Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կատարած աշխատանքները` հացի սակին կայունացման առումով: Սալամ նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած ոստումները` հաստատելով, որ լիբանանեան շուկան Լիբանանի պետութեան կը պարտադրէ հակակշիռի տակ առնել զինք: Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար...

Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Բողոքի  Նստացոյց Եւ Ճամբաներու Փակում

Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Բողոքի Նստացոյց Եւ Ճամբաներու Փակում

Լիբանանեան դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներու միութիւնը երէկ կազմակերպեց բողոքի նստացոյց մը, որ կատարուեցաւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց` մերժելով անոր կողմէ հրապարակուած հրամանագիրները, որոնք իրենց համար անիրաւութիւն կը նկատուին: Մեծ թիւով բարկացած ցուցարարներ երէկ կէսօրէ առաջ հաւաքուեցան Համրա եւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց գործադրեցին իրենց բողոքի ցոյցը` հրկիզելով անիւներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան վրայ նետելով պայթուցիկներ: Ցուցարարները ուղղուեցան նաեւ Համրայի այլ դրամատուներ...

Ապպաս Իպրահիմ. «Թշնամին Իրաւունք Չունի Նաւթ  Արտահանելու Եւ Կամ Որեւէ Քայլ Առնելու  Թիւ 29 Սահմանագիծի Հիւսիսային Շրջանին Մէջ»

Ապպաս Իպրահիմ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութեանց Գաղտնիքներուն Մասին

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութեանց գաղտնիքներուն մասին` շեշտելով, որ այդ օրերուն ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ սպառնալիք մը փոխանցած է բանակցութիւնները վարող ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնին: Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ այդ սպառնալիքին մասին ինք իմացած է Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայէն եւ փոխանցած Հոքշթայնին: Ան նշեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 109.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.940.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.987.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.791.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.263.000 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստը մէկ...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչները՝ Պութրոս Ասաքերը եւ Զիատ Միքաթին։ Պութրոս Ասաքեր եղած է Ֆրանսայի ու Արաբական Լիկայի մօտ Լիբանանի դեսպան եւ այժմ վարչապետի պաշտօնակատարին դիւանագիտական հարցերու խորհրդականն է, իսկ Զիատ Միքաթի վարչապետարանէն ներս ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատուն է։ Վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցիչները եկած էին Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելու Լիբանանի...

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս  Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա այցելած է ռամատանի առիթով հանրապետութեան միւֆթին շնորհաւորելու: Ան նշեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքին վերաբերող խնդիրներ: «Հիմնականին մէջ քննարկեցինք քաղաքացին յուզող հարցեր եւ լաւ գիտենք Լիբանանի...

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որ կը վերաբերի ռամատան ամսուան սկզբնաւորութեան: Գրառումը կ՛ըսէ. «Ռամատանի սուրբ ամսուան առիթով, կը շնորհաւորենք լիբանանցիները եւ յատկապէս մեր իսլամ եղբայրները` մաղթելով, որ կանթեղները կը լուսաւորեն Լիբանանի երկինքը` աւելի լաւ օրեր  աւետելով մեր հայրենիքին»:

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ռամատանի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` շեշտելով, որ զուգադիպութիւն մը չէ, որ ռամատանի առիթով իսլամական ծոմապահութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքին Մեծ պահքը միաժամանակ կ՛ընթանան: «Այս իրականութիւնը արժէքներու հանդիպման հոգեւոր պատգամ է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու Լիբանանը պահպանելու մնայուն կոչ», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ հայրենասիրութիւնը հաւատքէն կու գայ: Միւս կողմէ, նշենք, որ երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք...

Միջազգային Դրամատունը Կը Զգուշացնէ.  «Լիբանան Շատ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Միջազգային Դրամատունը Կը Զգուշացնէ. «Լիբանան Շատ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզի, նախորդ երկու օրերուն Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցան լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, քննարկելու համար Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու զայն լուծելու կարելիութիւնները, յատկապէս բարեկարգումները գործադրելու առումով: Ռամիրեզ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ապա խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի...

Դեսպան Աթաբէկեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան  Այգիի Բացման Արարողութեան

Դեսպան Աթաբէկեան Ներկայ Գտնուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Այգիի Բացման Արարողութեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին պատկանող այգիի բացման արարողութեան: Նշենք, որ այգիին ընդգրկած 14 պուրակներէն մէկը կը կրէ Հայաստանի անունը:  

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Մէկ  Շաբաթով Սառեցուց Իր Յայտարարած Գործադուլը`  Բանակցութիւններուն Առիթ Տալու Համար

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Բաց Գործադուլ Յայտարարեց

«Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի գործադիր խորհուրդը երէկ յայտարարեց, որ պաշտօնէութիւնը այսօր` ուրբաթ, 24 մարտ 2023-էն սկսեալ բաց գործադուլի մէջ է` հաստատելով, որ աշխատանքային բոլոր կեդրոնները պիտի դադրին գործելէ` իրենց պահանջներուն եւ աշխատավարձի յաւելումին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին պատճառով: «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքան հաստատեց, որ պաշտօնեաներուն իրաւունքներուն ապահովումը առաջնահերթութիւն է` շեշտելով, որ այդ իրաւունքներուն շուրջ կարելի չէ սակարկել, «իսկ արձանագրուող սղաճին եւ տնտեսական տագնապին...

Ամառնային Ժամանակացոյցի  Դրութիւնը Յետաձգուած Է` Բացառաբար

Ամառնային Ժամանակացոյցի Դրութիւնը Յետաձգուած Է` Բացառաբար

Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն, այս տարուան համար բացառաբար, եւ համաձայն վարչապետի պաշտօնակատարի որոշումին, նախարարաց խորհուրդին կողմէ տրուած ամառնային ժամանակացոյցի դրութեան գործադրութիւնը պիտի յետաձգուի: Հետեւաբար Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան 20-21 ապրիլին: Հետեւաբար հինգշաբթի, 20-էն ուրբաթ, 21 ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 108.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը 90.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.973.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.020.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.852.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.300.000 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, արաբական հացին համար ճշդուած նոր սակերն...

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Չորեքշաբթի, 22 մարտի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յիշեալ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին միջեւ, ներկայութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման միակ նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Յիշեցնենք, որ այս հարցին գծով Ռայի Պատրիարք շուրջ երկու ամիս առաջ այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ որմէ...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին  Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, համապատասխան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան մէկ ներկայացուցիչը: Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ նիստը ունէր յստակ օրակարգ, սակայն նկատի ունենալով օր մը առաջ ամերիկեան տոլարին արձանագրած «խենթութիւնը», երեսփոխանները պահանջեցին, որ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրոյց...

Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի  Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին  Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած»   Շեշտեց Սայեղ

Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած» Շեշտեց Սայեղ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սայեղ շեշտեց, որ Հարիսայի մէջ, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ին տեղի ունենալիք քրիստոնեայ երեսփոխաններու հոգեւոր առանձնացումի եւ աղօթքի հրաւէրը անկախ է եւ Ռայի պատրիարքին քաղաքական նախաձեռնութեան հետ բնաւ չէ առնչուած: Սայեղ ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին Ռայի պատրիարքին առած քայլերուն,...

Page 279 of 987 1 … 278 279 280 … 987

Արխիւներ