Լիբանանեան

Սայտայի Մէջ.   Մարոնի Համայնքի Գերեզմանատան Սրբապղծումը  Կը Յառաջացնէ Դատապարտումի Հսկայ Ալիք Մը

Սայտայի Մէջ. Մարոնի Համայնքի Գերեզմանատան Սրբապղծումը Կը Յառաջացնէ Դատապարտումի Հսկայ Ալիք Մը

Անցեալ շաբաթավերջին, Սայտայի մէջ մարոնի համայնքի գերեզմանատունը սրբապղծուեցաւ: Անծանօթներ սրբապղծեցին 10 գերեզմաններ, ինչպէս նաեւ կրօնական խորհրդանիշներ: Գերեզմանատան մէջ գործուած բռնարարքներուն մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն, իսկ այդ արարքները յառաջացուցին դատապարտումի հսկայ ալիք մը: Այս շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Սայտայի առաջնորդ Մարուն Ամմար եպիսկոպոսը դատապարտեց Սայտայի քրիստոնեայ համայնքի գերեզմանատան սրբապղծումը` հաստատելով, որ նման արարքներ սադրանքներ կը նախապատրաստեն եւ ազգային միասնականութեան չեն ծառայեր: Ամմար...

Եւրոպական Միութիւնը 60 Միլիոն Եւրոյի  Մարդասիրական Օժանդակութիւն  Տրամադրեց Լիբանանին

Եւրոպական Միութիւնը 60 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Տրամադրեց Լիբանանին

Եւրոպական Միութեան տագնապներու տնօրինման ներկայացուցիչ Եանիզ Լինարչիչ յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնել` երկրին դիմագրաւած այս դժուար ու տագնապալի պայմաններուն ընթացքին, երբ քաղաքական հորիզոններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ զանազան տագնապներու կողքին երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու մարտահրաւէրը: Լինարչիչ շեշտեց, որ Եւրոպական. Միութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կ՛օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ զանոնք...

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Մեր Կեցուածքը Մէկ Է.  Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Կողմ Չէ»

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Մեր Կեցուածքը Մէկ Է. Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Կողմ Չէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան վերահաստատեց, որ պլոքն ու  Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը մնան իրենց կեցուածքին վրայ եւ կը փնտռեն համաձայնական թեկնածու մը` հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար: «Մեր կեցուածքը մէկ է. կ՛ուզենք նախագահ մը, որ կողմ չէ եւ ոչ ոքի համար մարտահրաւէր կը նկատուի: Ընդհակառակն` կը փափաքինք ընտրել հանրապետութեան...

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով.   Լիբանանեան Բանակը Կը Հաստատէ  Իր Հողերուն Վրայ  Թշնամիին Կառուցած Պատը  Քանդելու Իր Յանձնառութիւնը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով. Լիբանանեան Բանակը Կը Հաստատէ Իր Հողերուն Վրայ Թշնամիին Կառուցած Պատը Քանդելու Իր Յանձնառութիւնը

Անցեալ շաբաթավերջին Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի: ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ զօր. Լասարօ ժողովին ընթացքին կոչ ուղղած է երկու կողմերուն, որ սահմանային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 102.900 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ երէկ հաստատեց, որ իսկական քաղաքական անձնաւորութիւնը ժողովուրդին կը ծառայէ, իսկ բարեկարգուած քաղաքականութեան երաշխիքը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է, որպէսզի սահմանադրական հաստատութիւնները կարգաւորուին: Ան շեշտեց, որ իրենք կը պատրաստուին լիբանանցի քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ...

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ յառաջդիմութիւն մը արձանագրելու իմաստով ի գործ դրուող շրջանային եւ միջազգային ջանքերը կը շարունակուին: Այս շրջագիծին մէջ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ մեկնեցաւ Ֆրանսա: Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ: Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ նախագահական ընտրութեան արագ կայացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ համաձայնական թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի կայացումը, որուն շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց խորհրդարանը պառակտումի փորձերէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական...

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Վատիկանի Սուրբերու դատի ժողովը ճանչցաւ Ըսթֆեն Տուէյհի պատրիարքին հրաշագործութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան երանացման ուղիին վրայ ամէնէն կարեւոր քայլը առած է: Վատիկանի կողմէ կատարուած յայտարարութենէն ետք Զղարթայի եւ Էհտենի Մար Ժըրժոս եւ Մար Պութրոս եկեղեցիներուն զանգերը նախանցեալ օր մնայուն կերպով ղօղանջեցին: Էհտեն-Զղարթա մարոնի առաջնորդութիւնը եւ Ըսթֆեն Տուէյհի պատրիարքին հոգեւոր հաստատութիւնը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Վատիկանի...

«Տնտեսական Բարեկարգումներու Պատրաստութիւնը Պարտականութիւնս Է, Սակայն Երբ Յուսալքում Կայ, Պատասխանատուն Կրնայ Նահանջ Արձանագրել»   Շեշտեց Շամի

«Տնտեսական Բարեկարգումներու Պատրաստութիւնը Պարտականութիւնս Է, Սակայն Երբ Յուսալքում Կայ, Պատասխանատուն Կրնայ Նահանջ Արձանագրել» Շեշտեց Շամի

Փոխվարչապետ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն Լիբանան այցելութեան ընթացքին ինք զգուշացուցած է զանոնք, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ բարեկարգումները չգործադրելու պարագային, Լիբանան մուտք պիտի գործէ աւելի խոր եւ անժամկէտ տագնապի մէջ` աւելցնելով, որ խնդրած է Միջազգային դրամական ֆոնտէն աւելի իրապաշտ մօտենալ բարեկարգումներու գործադրութեան հարցին: Շամի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը մշակած է տնտեսական եւ ելեւմտական մանրամասն եւ ընդարձակ ծրագիր մը,...

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները  Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Կրիօ. «Լիբանանցիները Պէտք Է Միասնաբար Մտածեն, Որպէսզի Յառաջ Երթան Եւ Դուրս Գան Երկիրը Յուզող Այս Տագնապէն»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ «Շապաքէ» ծրագիրին երկրորդ փուլին մեկնարկը կատարելու ընթացքին հաստատեց, որ ինք հպարտ է, որ Ֆրանսա կ՛օժանդակէ այս համալսարանին, ուրկէ մեծ թիւով լիբանանցի երիտասարդներ շրջանաւարտ կ՛ըլլան: Կրիօ նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը, որ դիտմամբ ստեղծուած է, պատճառ դարձած է, որ լիբանանցիները աղքատանան: Միաժամանակ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է պաշտպանել իր...

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Տագնապին Լուծման Միակ Ելքը Միջազգային Դրամական Ֆոնտն Է»

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Տագնապին Լուծման Միակ Ելքը Միջազգային Դրամական Ֆոնտն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծման միակ ելքը Միջազգային դրամական ֆոնտն է` նկատել տալով, որ լիբանանցի պատասխանատուները չեն զգար երկիրը իր տագնապէն անմիջապէս դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը: Լիֆ վերահաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ ամբողջական լիազօրութիւններով նոր կառավարութիւն մը կազմելու, ինչպէս նաեւ գործադրելու տնտեսական...

Պու Հապիպ Աւարտեց Յորդանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Պու Հապիպ Աւարտեց Յորդանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախանցեալ գիշեր աւարտեց Յորդանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Յորդանանի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Ամմանի լիբանանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պատասխանատուներ: Պու Հապիպ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ամէնէն արագ կերպով ընտրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ պէտք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.954.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.000.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.748.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.247.000 լ. ոսկի: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան...

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ,  Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ, Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Լիբանանի մէջ ամէն բան տակաւին կը մնայ անորոշ. տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապները աւելի եւս կը սաստկանան` լիբանանցի քաղաքացին մղելով յաւելեալ յուսալքումի: Այս շրջագիծին մէջ, հանգստեան կոչուած բանակայինները երէկ առաւօտեան գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ: Անոնք կտրականապէս մերժեցին ելեւմուտքի նախարարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումի ծրագիրը: Բազմամարդ ցոյցին մասնակիցները ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, ուր բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը...

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Կացութիւնը

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու ապահովական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Պըրրիի այցելեց նաեւ Եւրոպական Միութեան տագնապներու տնօրինման ներկայացուցիչ Եանիզ Լինարչիչ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Պըրրի ընդունց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատօ Քաթալին Մարտարը, որուն հետ...

Յորդանանի Թագաւորը  Ընդունեց Պու Հապիպը

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Պու Հապիպը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը նախանցեալ օր ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը` ներկայութեամբ Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Այման Սաֆատիի եւ թագաւորի գրասենեակի տնօրէն Ժաաֆար Հասսանի: Հանդիպումին մասին Յորդանանի արքունիքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ քննարկուած են լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնն ու համադրումը ընդարձակելու առիթները: «Յորդանանի թագաւորը շեշտեց,...

Պքերքէի Մէջ.   «Նախագահական Ընտրութիւնն Ու Երկրին  Փրկութեան Անմիջական Նախաձեռնութիւնը  Առաջնահերթութիւն Են»  Շեշտեց Մուաուատ

Պքերքէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւնն Ու Երկրին Փրկութեան Անմիջական Նախաձեռնութիւնը Առաջնահերթութիւն Են» Շեշտեց Մուաուատ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մուաուատ նշեց, որ նախքան Միացեալ Նահանգներ իր կատարելիք այցելութիւնը, ինք այցելած է Ռայի պատրիարքին ներում հայցելու համար, որ Հարիսայի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր հանդիպումին պիտի չկարենայ մասնակցիլ: Ան նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է երկրին ողբերգական իրավիճակը եւ...

Համիէ. «Օդակայանին Մէջ Նոր Շէնք Մը  Կառուցելու Պայմանագիրին Հետ Պէտք Է Վարուիլ Իբրեւ Գոյութիւն Չունեցող Պայմանագիր»

Համիէ. «Օդակայանին Մէջ Նոր Շէնք Մը Կառուցելու Պայմանագիրին Հետ Պէտք Է Վարուիլ Իբրեւ Գոյութիւն Չունեցող Պայմանագիր»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ խորհրդարանին մէջ զոյգ յանձնախումբերուն գումարած նիստէն ետք տուին մամլոյ ասուլիս մը: Ասուլիսին ընթացքին Համիէ յայտնեց, որ հակառակ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ճամբորդներու յատուկ նոր շէնք մը կառուցելու...

Ասմար Կոչ Կ՛ուղղէ Սալամէին` Շարունակելու  Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը  45.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ Վճարել

Ասմար Կոչ Կ՛ուղղէ Սալամէին` Շարունակելու Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը 45.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ Վճարել

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին եւ դրամատան կեդրոնական խորհուրդին շարունակելու պետական պաշտօնեաներուն, հանգստեան կոչուածներուն, զինուորականներուն, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն ամսական աշխատավարձը տոլարի փոխարժէքի 45.000 լ. ոսկի սակի հիման վրայ վճարել: «Այլապէս պաշտօնեաները իրենց աշխատավարձին 50 առ հարիւրը պիտի կորսնցնեն, եթէ ներկայ «Սայրաֆա» հարթակի սակը օգտագործուի», ըսաւ ան:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ այցելեց շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ քաղաքական ղեկավարները պատասխանատու են դէմ դնելու երկրին քանդումին: Սալամ այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունայի,...

Page 277 of 987 1 … 276 277 278 … 987

Արխիւներ