Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

March 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշիի:

Հանդիպումին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մէկուկէս ժամուան երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, հակառակ անոր որ չքննարկուեցան նախագահական հաւանական թեկնածուներու անունները:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ժահժահ եւ Պուխարի ընդգծեցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է ընտրել նախագահ մը, որ գերիշխան է, բարեկարգչական եւ անկախ անձնաւորութիւն մը:

Պուխարի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի հանդէպ Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը անշեղ կը մնայ` ընդգծելով, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման նպատակով ստեղծուած հնգակողմանի յանձնախումբի աշխատանքներուն` Պուխարի հաստատեց, որ կասկածէ վեր է, որ այդ յանձնախումբին գործունէութեան շրջագիծին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան շահերուն:

Պուխարի զգուշացուց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը չկատարելու վտանգէն: Ան նշեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը երկու կողմերուն փափաքը կ՛ընդգրկէ` խաղաղ եւ դիւանագիտական միջոցներով, ինչպէս նաեւ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել շրջանային կայունութիւնը:

«Սէուտական Արաբիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն դէմ պայքարելու նպատակով միջազգային ապահովական ցանց մը տրամադրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել ազգային համերաշխութեան սկզբունքն ու արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն մէջ պատգամի երկիր ըլլալու անոր իրականութիւնը», ըսաւ Պուխարի:

Պուխարի շեշտեց, որ Լիբանան Արաբական լիկայի հիմնադիր երկիր է, եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով պէտք է պաշտպանել անոր ժողովուրդն ու փրկել անոր ինքնութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Պատրաստ Եղէք Փողոց Իջնելու. Լիբանան` Գոյացութիւնը, Հայրենիքն ու Պետութիւնը Վտանգուած Են»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.