Լիբանանեան

Մորիս Սլիմ. «Արդարութիւն Եւ Հաւասարութիւն  Բոլոր Բանակայիններուն`  Ծառայող Թէ Հանգստեան Կոչուած»

Մորիս Սլիմ. «Արդարութիւն Եւ Հաւասարութիւն Բոլոր Բանակայիններուն` Ծառայող Թէ Հանգստեան Կոչուած»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները: Սլիմ անդրադարձաւ պետական մարզի պարզած իրավիճակին եւ այդ մարզին սահմանափակ եկամուտին, ինչպէս նաեւ այդ եկամուտին հարցը լուծելու անհրաժեշտութեան: Սլիմ ընդգծեց քաղաքացիական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ ծառայող թէ հանգստեան կոչուած բոլոր բանակայիններուն միջեւ արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը յարգելու յանձնառութիւնը:...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Զօրակցի  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապը Քաղաքական  Բանակցութիւններու Ճամբով Լուծելու Միջոցին»

Միշել Աուն. «Լիբանանը Կուլ Տալու Պատառէ Մը Շատ Աւելի Մեծ Է, Իսկ Մասնատելու Պարագային` Անիկա Շատ Փոքր Է»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նոյն հայրենիքի զաւակներուն միջեւ քաղաքական որեւէ տարակարծութիւն ժամանակաւոր է եւ կարելի չէ զայն արդարացնել առկայ բանավէճը ատելութեան վերածելով, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ ոչ համայնքային բնազդները հրահրելով, ինչպէս որ է այսօր կացութիւնը: Աուն նկատել տուաւ, որ բազմազանութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւնը Լիբանանի համար հարստութիւն է, եւ կոչ ուղղեց զայն...

Դեսպան Աթաբէկեան Պայսարիի Հետ Քննարկեց  Անվտանգութեան Մարզին Մէջ  Համագործակցութեան Կարելիութիւնները

Դեսպան Աթաբէկեան Պայսարիի Հետ Քննարկեց Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Կարելիութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:  

Միքաթի Ընդունեց Շարք Մը Այցելուներ  Եւ Քննարկեց Տարբեր Ոլորտներու  Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Ընդունեց Շարք Մը Այցելուներ Եւ Քննարկեց Տարբեր Ոլորտներու Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միքաթիի այցելեցին նաեւ Աքքարի երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէ եւ Ճիմի Ժապպուր: Հանդիպումէն ետք Ժապպուր յայտնեց, որ Միքաթիի հետ հանդիպած են Աքքարի մէջ գետնախնձորի ցանքով զբաղող երկրագործներու եւ քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահներու հետ: Ժապպուր շեշտեց, որ...

Եուսեֆ Խալիլ. «Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան  Ընթացիկ Ամսուան Աշխատավարձը Վճարուեցաւ  60.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ, Առանց Խտրութեան»

Եուսեֆ Խալիլ. «Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Ընթացիկ Ամսուան Աշխատավարձը Վճարուեցաւ 60.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ, Առանց Խտրութեան»

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան ընթացիկ ամսուան աշխատավարձը վճարուեցաւ «Սայրաֆա» հարթակի 60.000 լ. ոսկի սակի հիման վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ մարզը կ՛ընդգրկէ դատաւորները, բանակայինները, նախարարութիւններու ու պետական հաստատութիւններու ու պետական վարչութիւններու պաշտօնեաները, «ՕԺերօ»-ի պաշտօնէութիւնը, Ելեկտրականութեան ընկերութեան, կառավարական հիւանդանոցներուն, պետական համագործակցականի պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական մարզի հանգստեան կոչուած պաշտօնեաները: Խալիլ հերքեց այն լուրերը, թէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի: ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէ հասաւ Պէյրութ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց փոփոխութեան երեսփոխաններ Ուատտահ Սատեքը եւ Իպրահիմ Մնայմնէն, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի վերաբերող հարցեր: Տըրիան յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա կը գուրգուրայ եւ կ՛օժանդակէ իսլամական...

Խլեֆի Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Կայունութիւնն  Ու Միասնականութիւնը Պաշտպանելու  Կարեւորութիւնը

Խլեֆի Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Կայունութիւնն Ու Միասնականութիւնը Պաշտպանելու Կարեւորութիւնը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆի երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Խլեֆիի ընկերակցեցաւ անոր հետ ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները: Մարոնի...

Վրոնեցքա Շեշտեց Լիբանանի Կայունութիւնը Պաշտպանելու Եւ Հանրապետութեան Նախագահ  Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Վրոնեցքա Շեշտեց Լիբանանի Կայունութիւնը Պաշտպանելու Եւ Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ ներկայացուց Լիբանանի մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրապարակած տեղեկագիրը: Վրոնեցքա շեշտեց Լիբանանի կայունութիւնը պաշտպանելու, ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները ամբողջական կերպով կատարելու կարեւորութիւնը: Վրոնեցքա ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը...

Պըրրի Կը Շարունակէ Ֆրենժիէն  Պաապտա Հասցնելու Պայքարը

Պըրրի Կը Շարունակէ Ֆրենժիէն Պաապտա Հասցնելու Պայքարը

Նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած արտաքին զարգացումներուն զուգահեռ կ՛արձանագրուին նաեւ ներքին զարգացումներ, յատկապէս` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընդդիմադիրներուն կողմէ: Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը քաջատեղեակ են այն իրականութենէն, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը անկարելի է, որ կատարուի առանց արտաքին բանակցութիւններու, այլ խօսքով` շրջանային եւ միջազգային կարգ մը երկիրներու միջեւ խորհրդակցութիւններուն եւ գոյանալիք համաձայնութիւններուն: Մինչ քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւնները կը պատրաստուին  5 ապրիլին...

Դեսպան Աթաբէկեան Մքերիի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Մքերիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տեղեկատուութեան մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 98.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, վառելանիւթի սակերը նուազած են: Այսպէս, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 25.000 լ. ոսկիի նուազում, 98 օքթան պենզինը` 26.000 լ. ոսկի, մազութը` 43.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 32.000 լ. ոսկի: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի...

Բագրատունի Ընդունեց Եւրոպական  Միութեան Դիւանագէտը

Բագրատունի Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Դիւանագէտը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան առաջին քարտուղար եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հանա Սեվըրինը, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց շրջանային եւ լիբանանեան անցուդարձերը: Բագրատունի եւրոպացի դիւանագէտին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը երկրի ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն վերաբերեալ` շեշտելով արագօրէն հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան հրամայականը եւ բարեկարգումներ կատարելու...

Քաթարի Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆի երէկ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան զոյգ պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ: Խլեֆիի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խլեֆին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր իրադարձութիւնները,...

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած զարգացումները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:    

Պասսամ Մաուլաուի. «Քաղաքապետական  Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու  Պատրաստ Ենք, Սակայն Կարիքը Ունինք Գումարներու»

Պասսամ Մաուլաուի. «Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու Պատրաստ Ենք, Սակայն Կարիքը Ունինք Գումարներու»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտարարեց, որ նախարարութիւնը պատրաստ է քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ հրամանագիրները պիտի հրապարակէ թեկնածութիւնները առաջադրելու յստակ թուականները ճշդելու համար: Մաուլաուի կառավարութենէն պահանջեց նախարարութեան գումարներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ վարչական նախապատրաստութիւնները ամբողջացնել` գործադրելու համար սահմանադրութիւնը: Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ընտրական խորհուրդները հրաւիրելու իմաստով նախարարութիւնը օրինական պարտաւորութեան տակ կը գտնուի:...

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Լիկան  Իր Գործադուլը Երկարաձգեց Մինչեւ Ապրիլ 6

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Լիկան Իր Գործադուլը Երկարաձգեց Մինչեւ Ապրիլ 6

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ իր գործադուլը կ՛երկարաձգէ մինչեւ 6 ապրիլ 2023: Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապի շրջագիծին մէջ ամէնէն տկար օղակը կ՛ըլլայ զոհը: «Արդեօք պահանջուածը պետական մարզի ջլատո՞ւմն է», հարց տուաւ լիկայի խորհուրդը: Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան պահանջեց հետեւեալը. 1- Աշխատանքի ներկայացող պաշտօնեաներուն օրական 5 լիթր պենզինի համազօր գումար...

Միքաթի Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը  Եւ Ընդունեց Քաղաքական  Անձնաւորութիւններ Ու Դիւանագէտներ

Միքաթի Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը Եւ Ընդունեց Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Ու Դիւանագէտներ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան պետական մարզին վրայ ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքները: Նիստին ընթացքին արձանագրուեցան կարգ մը առաջարկներ, որոնք պիտի ներկայացուին կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին: Միքաթի ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որ ներկայացուց Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Իրաքի, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի երկրագործութեան նախարարներու քառակողմ հանդիպումին արդիւնքները, որոնց շարքին էին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 98.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը երէկ ճշդեց արաբական հացի կապին նոր սակերը: Նախարարութեան համաձայն, միջակ չափի (828 կրամ) հացի կապին սակն է 37.000 լ. ոսկի, իսկ մեծ չափի (1049 կրամ) հացի կապին սակն է 45.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի...

Քաթարցի Պատուիրակը Այսօր Կ՛այցելէ Պէյրութ,  Իսկ Ֆրենժիէ Ֆրանսացիներուն Ներկայացուց   Սէուտական Մտավախութիւնները Փարատող Երաշխիքներ

Քաթարցի Պատուիրակը Այսօր Կ՛այցելէ Պէյրութ, Իսկ Ֆրենժիէ Ֆրանսացիներուն Ներկայացուց Սէուտական Մտավախութիւնները Փարատող Երաշխիքներ

Նախագահական ընտրութեան առումով արտաքին աշխուժութիւնը կը շարունակուի,  եւ միջազգային, յատկապէս ֆրանսական ճիգերը կը մնան ընթացքի մէջ: Այս շրջագիծին մէջ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ, ստացաւ շարք մը մեկնաբանութիւններ: Այդ մեկնաբանութիւններուն շարքին էր այն, թէ Էլիզէի պալատի...

Քըրըմ Ողջունեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Կողմէ  Յայտարարուած Գործադուլին Վերջ Տալու Որոշումը

Քըրըմ Ողջունեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Կողմէ Յայտարարուած Գործադուլին Վերջ Տալու Որոշումը

Անցեալ շաբաթ օր «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան գործադիր խորհուրդը յայտարարեց, թէ որոշած է վերջ տալ իր յայտարարած գործադուլին: Խորհուրդին կողմէ շեշտուեցաւ, որ տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով իրենց յայտարարած գործադուլը արձագանգ գտած է, «եւ նկատի ունենալով լիբանանեան մակարդակով անոր ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի նախաձեռնութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան նիստի գումարումի անհրաժեշտութեան մասին, որոշեցինք վերջ տալ մեր...

Page 276 of 987 1 … 275 276 277 … 987

Արխիւներ