Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆի երէկ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան զոյգ պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ:
Խլեֆիի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խլեֆին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու միջոցները:
Միքաթիի Մօտ
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խլեֆին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները հզօրացնելու հեռանկարները:
Այս առիթով Միքաթի ընդգծեց այն մտերմիկ յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին զոյգ երկիրներուն միջեւ` բարձր գնահատելով քաթարեան օժանդակութիւնները` տրամադրուած Լիբանանին, նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւնները:
Միքաթի դրուատեց Քաթարի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնը, որպէսզի այս դժուար փուլին ան կարենայ իրագործել իր պատասխանատուութիւնները:
Միքաթի Խլեֆիին ներկայացուց Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` լուծելու համար շտապ թղթածրարներ` սահմանադրութեամբ շնորհուած լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներու լուծման միակ ելքը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
Տար Ֆաթուայի Մէջ
Տար Ֆաթուայի մէջ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Խլեֆին: Քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, եւ շեշտուեցաւ Լիբանանի կայունութիւնն ու միասնականութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Պու Հապիպ–Խլեֆի Հանդիպում
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Խլեֆին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Պու Հապիպ Խլեֆիի հետ հանդիպումը նկատեց եղբայրական, յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Քաթար Լիբանանի հետ մտերիմ է եւ օր մը օրանց չէ լքած Լիբանանը:
Պու Հապիպ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում` աւելցնելով, որ Խլեֆի պիտի այցելէ լիբանանցի քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն եւ հոգեւոր պետերուն, որպէսզի լաւապէս սերտէ տիրող կացութիւնը եւ շօշափէ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի կեցուածքները:
Խլեֆի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Ան այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ քաթարեան պատուիրակութիւնը ինքզինք զետեղած է Լիբանանի տրամադրութեան տակ` սէուտական օժանդակութեամբ:
«Մենք աւելի քան երբեք կարիքը ունինք արաբական օժանդակութեան», ըսաւ Ժեմայէլ` բարձր գնահատելով արաբական երկիրներուն կառչածութիւնը Լիբանանին` օրէնքի պետութեան»:
Ան հարց տուաւ, որ ո՞վ ըսած է, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի առնչութեամբ ֆրանսական նախաձեռնութիւն մը կայ` հաստատելով, որ ֆրանսացիները բոլորին հետ խօսակից են: «Այսօր սակայն նախագահական ընտրութեան թեկնածուներու հարցին չենք փափաքիր անդրադառնալ», եզրափակեց ան: