Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Լիկան Իր Գործադուլը Երկարաձգեց Մինչեւ Ապրիլ 6

April 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ իր գործադուլը կ՛երկարաձգէ մինչեւ 6 ապրիլ 2023:

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապի շրջագիծին մէջ ամէնէն տկար օղակը կ՛ըլլայ զոհը: «Արդեօք պահանջուածը պետական մարզի ջլատո՞ւմն է», հարց տուաւ լիկայի խորհուրդը:

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան պահանջեց հետեւեալը.

1- Աշխատանքի ներկայացող պաշտօնեաներուն օրական 5 լիթր պենզինի համազօր գումար տրամադրել:

2- Պաշտօնեաներուն արդիւնաբերութեան համար հինգերորդ աստիճանի պաշտօնեաներուն 100 տոլար տրամադրել եւ իւրաքանչիւր աստիճանի բարձրացումի պարագային 50 տոլար աւելցնել: Այդ գումարը վճարել լիբանանեան դրամանիշով` «Սայրաֆա» հարթակով ճշդուած սակին հիման վրայ:

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան հաստատեց, որ աշխատաւորներուն, յատկապէս սարակներուն աշխատավարձը լիբանանեան դրամանիշով պահելը եւ անոր արժեզրկումով պաշտօնեաները ստրկացնելը անիրաւութիւն է եւ ոչ մէկ կապ ունի պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով յայտարարուած յանձնառութիւններուն հետ:

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան պահանջեց աշխատավարձի արդար բարձրացում ու սրբագրութիւն կատարել եւ տրուելիք որեւէ յաւելում նկատի ունենալ իբրեւ աշխատավարձին մէկ մասը:

Պահանջուած յաւելումներն են.

1- Աշխատավարձերու ճշդում եւ հանգրուանային տոլարայնացում, պայմանով որ պաշտօնեայի մը նուազագոյն ամսական աշխատավարձը ըլլայ 450 տոլար, որպէսզի պաշտօնեան կարենայ իր նուազագոյն ամսական աշխատավարձով ապրիլ:

2- Պետական պաշտօնեաներուն բժշկական եւ առողջապահական ամբողջական խնամք ստանալու կարելիութիւն ապահովել:

3- Կրթութեան հատուցումները նուազագոյնը հնգապատկել:

4- Վճարել փոխադրածախս մը, որ բաւարարէ պաշտօնեային երթուդարձը` անոր բնակած վայրին համաձայն:

Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան ընդգծեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ իրենք եւ իրենց ընտանիքներուն իրաւունքները անտեսուին:

Եուսեֆ Խալիլ. «Պետական Մարզին Մէջ Գործող Բոլոր Պաշտօնեաները Եւ Զինուորականները 60.000 Լ. Ոսկիի «Սայրաֆա» Հարթակի Հիման Վրայ Պիտի Ստանան Իրենց Աշխատավարձերը»

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ պետական մարզին մէջ գործող բոլոր պաշտօնեաները եւ զինուորականները 60.000 լ. ոսկիի «Սայրաֆա» հարթակին հիման վրայ պիտի ստանան իրենց աշխատավարձերը:

Ան կոչ ուղղեց պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն իրենց աշխատավարձը այս սակին հիման վրայ գանձելու:

Անդրադառնալով այն սահմանափակ թիւով պարագաներուն, որոնց ամսական աշխատավարձը 90.000 լ. ոսկիի «Սայրաֆա» հարթակին հիման վրայ վճարուած է, Խալիլ յայտնեց, որ այդ վճարումները դրամատուներուն կողմէ կատարուած են, նախքան` 60.000 լ. ոսկիի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը, եւ կոչ ուղղեց խնդրոյ առարկայ պաշտօնեաներուն անմիջապէս ուղղուելու իրենց համապատասխան դրամատուները:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը Եւ Ընդունեց Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Ու Դիւանագէտներ

Յաջորդը

Պասսամ Մաուլաուի. «Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու Պատրաստ Ենք, Սակայն Կարիքը Ունինք Գումարներու»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.