Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասսամ Մաուլաուի. «Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու Պատրաստ Ենք, Սակայն Կարիքը Ունինք Գումարներու»

April 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտարարեց, որ նախարարութիւնը պատրաստ է քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ հրամանագիրները պիտի հրապարակէ թեկնածութիւնները առաջադրելու յստակ թուականները ճշդելու համար:

Մաուլաուի կառավարութենէն պահանջեց նախարարութեան գումարներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ վարչական նախապատրաստութիւնները ամբողջացնել` գործադրելու համար սահմանադրութիւնը:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ընտրական խորհուրդները հրաւիրելու իմաստով նախարարութիւնը օրինական պարտաւորութեան տակ կը գտնուի:

Մաուլաուի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր մշակած աշխատանքային ծրագիրով հաստատած է, որ յանձնառու կը մնայ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու: «Այս շրջագիծին մէջ ընտրական խորհուրդները հրաւիրելը վարչական գործառնութիւն մըն է, որ սկսած է անցեալ նոյեմբերէն: Մենք յանձնառու կը մնանք օրինականութեան, որքան ալ ժամկէտը կարճ ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս իմաստվ օրինական բոլոր քայլերուն պիտի դիմեն:

Մաուլաուի յայտնեց, որ քաղաքացիները պէտք է համոզուին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու կարեւորութեամբ, իսկ տեղեկատուական մարզը պէտք է նեցուկ կանգնի մեզի, որպէսզի ընտրութիւններուն տեղի ունենալուն ուղղութեամբ ճնշում բանեցնէ:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կը պնդէ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու կարեւորութեան վրայ եւ կոչ կ՛ուղղէ ընտրական խորհուրդներուն սկսելու աշխատանքի: «Ասիկա մեր համոզումն է, եւ լիբանանցիները կարիքը ունին այդ ընտրութիւններուն, որոնց նախապատրաստական աշխատանքը պիտի ամբողջանայ գումարները ապահովելէ ետք», ըսաւ ան:

Մաուլաուի նշեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու միտումը ամիսներէ ի վեր կայ, սակայն անիկա անբաւարար է, որովհետեւ ֆինանսաւորումի կարիքը կայ:

Մաուլաուի հաստատեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները մեծ նպաստներ կրնան ապահովել գիւղաքաղաքներուն եւ քաղաքացիներուն:

Անդրադառնալով օտար երկիրներու կողմէ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան կոչերուն` Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ օտար երկիրները միշտ կը պահանջեն սահմանադրական ժամկէտները յարգել:

Մաուլաուի յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին հետեւեալ թուականներուն. 7 մայիս` հիւսիսային Լիբանան եւ Աքքար, 14 մայիս` Լեռնալիբանան, 21 մայիս` Պէյրութ, Պեքաա եւ Պաալպեք Հերմել, իսկ 28 մայիս` հարաւային Լիբանան եւ Նապաթիէ:

 

 

 

Նախորդը

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Լիկան Իր Գործադուլը Երկարաձգեց Մինչեւ Ապրիլ 6

Յաջորդը

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.