Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆի երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Խլեֆիի ընկերակցեցաւ անոր հետ ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց քաթարցի պատուիրակը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկիրը յուզող քաղաքական տագնապը:
Ընդգծուեցաւ Լիբանանի կայունութիւնն ու միասնականութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Խլեֆի այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ Հատի Ապուլ Հասան: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Խլեֆի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Խլեֆի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ներկայ պայմաններուն մէջ: Ան շեշտեց, որ Քաթար պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը` լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ շարունակել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր պարտականութիւնը:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին` լիբանանեան բանակին մատուցած օժանդակութեան համար:
Քաթարցի պատուիրակը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Խլեֆի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի:
Միւս կողմէ, Խլեֆի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան այցելութիւնը կատարուած է լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ երկկողմանի գործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ բարելաւելու նպատակով:
Ան ընդգծեց, որ Քաթար յանձնառու կը մնայ Լիբանանին օժանդակութեան ձեռք մեկնելու:
Խլեֆի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երկխօսութիւն կատարելու եւ ազգային շահերը գերադասելու` նկատել տալով, որ Քաթար նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան միտող շրջանային եւ միջազգային բոլոր ճիգերը մէկտեղելու:
Ան նկատել տուաւ, որ միջազգային մակարդակի վրայ գործելը Քաթարի ռազմավարութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ:
Խլեֆի ընդգծեց, որ Փարիզի ժողովին մասնակցութիւնը շատ կարեւոր էր` աւելցնելով, որ Փարիզի ժողովէն բխած կարեւորագոյն արդիւնքը այն էր, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է մղել նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ տալու:
Խլեֆի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը դժուար չէ: