ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան առաջին քարտուղար եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հանա Սեվըրինը, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց շրջանային եւ լիբանանեան անցուդարձերը:
Բագրատունի եւրոպացի դիւանագէտին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը երկրի ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն վերաբերեալ` շեշտելով արագօրէն հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան հրամայականը եւ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Սեվըրին լայնօրէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի հայութեան պատմութեամբ, եւ անոր քաղաքական փորձառութեամբ: Բագրատունի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է գործով պաշտպանել գերիշխանութիւնն ու երկրին ազատութիւնները եւ երկխօսութեան ճամբով հասնիլ համապատասխան լուծումներու: