Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ընդունեց Շարք Մը Այցելուներ Եւ Քննարկեց Տարբեր Ոլորտներու Վերաբերող Հարցեր

April 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Աքքարի երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէ եւ Ճիմի Ժապպուր:

Հանդիպումէն ետք Ժապպուր յայտնեց, որ Միքաթիի հետ հանդիպած են Աքքարի մէջ գետնախնձորի ցանքով զբաղող երկրագործներու եւ քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահներու հետ:

Ժապպուր շեշտեց, որ Միքաթիէն խնդրած են վերջ տալ դէպի Լիբանան եգիպտական գետնախնձոր ներածելու արտօնութեան, որ ուժի մէջ պէտք էր ըլլար մինչեւ 31 մարտ 2023:

Ան հաստատեց, որ այդ թուականէն ի վեր դէպի Լիբանան ներածուած է վեց հազար թոն եգիպտական գետնախնձոր, որ պատճառ պիտի դառնայ Աքքարի գետնախնձորի բերքին վնաս հասցնելու:

Ժապպուր կոչ ուղղեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանի, որ չարտօնէ դէպի Լիբանան եգիպտական գետնախնձորի մուտքը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս` ընկերակցութեամբ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութեան, որուն նախագահեց ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մարզադաշտերն ու անոնց ենթակառոյցը նորոգելու աշխատանքի մը ձեռնարկելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, Միքաթի նախանցեալ օր իֆթարի մը ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ խստիւ քննադատեց համայնքային սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերը:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք կառչած մնացած է իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը շարունակելու, որովհետեւ անդրադարձած է, թէ իր պատասխանատուութենէն հրաժարելով պետութիւնը պիտի կորսնցնէ իր գոյացութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջ պիտի դնէ ժողովուրդին գոյատեւելու կամքին:

Միքաթի հաստատեց, որ երկրի տագնապներուն լուծումը կը սկսի սահմանադրական աշխատանքին կարգաւորումով, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելով եւ բարեկարգումները գործադրելով:

«Ճիշդ է, որ կառչած կը մնանք մեր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն` պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը, սակայն կը մերժենք վերածուիլ անձնասպանական գործողութիւն կատարողներու եւ կամ անզգամ ու անպատասխանատու անհատներու լարած թակարդներուն զոհերու վերածուելու», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Եուսեֆ Խալիլ. «Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Ընթացիկ Ամսուան Աշխատավարձը Վճարուեցաւ 60.000 Լ. Ոսկի Սակի Հիման Վրայ, Առանց Խտրութեան»

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Պայսարիի Հետ Քննարկեց Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.