Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած զարգացումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: