Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 98.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, վառելանիւթի սակերը նուազած են: Այսպէս, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 25.000 լ. ոսկիի նուազում, 98 օքթան պենզինը` 26.000 լ. ոսկի, մազութը` 43.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 32.000 լ. ոսկի: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.802.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.845.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.591.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.134.000 լ. ոսկի:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, մինչեւ որ քաղաքական պատկերը յստակ դառնայ: Քըրըմ նկատել տուաւ, որ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը իր նիստը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութեան հետ քննարկեց Պէյրութի նաւահանգիստին եւ ճամբաներու շինարարութեան վերաբերող ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ անհրաժեշտ նկատեց ջանքերու միասնականացումը` լուծելու համար Լիբանանի քաղաքական տագնապը: Կրիօ հաստատեց, որ Փարիզ պատրաստ է զօրակցելու բոլոր այն ճիգերուն, որոնք կը նպատակադրեն համախոհական լուծման յանգիլ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ պէտք է զօրակցիլ Լիբանանեան համալսարանին եւ ապահովել անոր գոյատեւումը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան փրկութեան նախագահ մը եւ ոչ թէ մարտահրաւէրներու նախագահ մը:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը կը հաստատէ, որ Լիբանանի ազգային տագնապներուն լուծման բանալին կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը, որպէսզի վերջ տրուի տիրող վատթար կացութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը անօդաչու թռչող սարքերով խզեց Լիբանանի օդային սահմանները` ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ դրուատեց արաբական եւ միջազգային դերակատարութիւնը` Լիբանանը փրկելու իր տագնապներէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու կայացումը վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու հիմնասիւնն է:

Նախորդը

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Մքերիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.