Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարցի Պատուիրակը Այսօր Կ՛այցելէ Պէյրութ, Իսկ Ֆրենժիէ Ֆրանսացիներուն Ներկայացուց Սէուտական Մտավախութիւնները Փարատող Երաշխիքներ

April 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան առումով արտաքին աշխուժութիւնը կը շարունակուի,  եւ միջազգային, յատկապէս ֆրանսական ճիգերը կը մնան ընթացքի մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ, ստացաւ շարք մը մեկնաբանութիւններ:

Այդ մեկնաբանութիւններուն շարքին էր այն, թէ Էլիզէի պալատի հանդիպումը եղած է ժխտական` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Սէուտական Արաբիա կը շարունակէ մնալ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը մերժելու իր կեցուածքին վրայ, ինչպէս նաեւ այն, որ Ֆրենժիէ Փարիզի մէջ ֆրանսական կողմին հետ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է սէուտական մտավախութիւնները փարատող երաշխիքներ, որոնք աւելի ուշ բացայայտուած պիտի յայտարարուին:

Այդ երաշխիքները կը վերաբերին սուրիացի տեղահանուածներուն, սահմաններու զսպումին, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումի օրակարգին հիման վրայ գործելու նախանձախնդրութեան:

Ամէն պարագայի Ֆրենժիէի Ֆրանսա այցելութիւնը նախագահական ընտրութեան առումով աշխուժութիւն մըն է, որ դրական յատկանիշ մը կը նկատուի` այդ թղթածրարին արձանագրած տեղքայլին վերջ տալու:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ այսօր Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ապտել Ազիզ Խլեֆի այցելէ Պէյրութ, հանդիպումներ ունենալու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Նախորդը

Քըրըմ Ողջունեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Կողմէ Յայտարարուած Գործադուլին Վերջ Տալու Որոշումը

Յաջորդը

Հազարաւոր Ժողովուրդով Անթիլիասը Ծաղկազարդուեցաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.