Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան ընթացիկ ամսուան աշխատավարձը վճարուեցաւ «Սայրաֆա» հարթակի 60.000 լ. ոսկի սակի հիման վրայ:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ մարզը կ՛ընդգրկէ դատաւորները, բանակայինները, նախարարութիւններու ու պետական հաստատութիւններու ու պետական վարչութիւններու պաշտօնեաները, «ՕԺերօ»-ի պաշտօնէութիւնը, Ելեկտրականութեան ընկերութեան, կառավարական հիւանդանոցներուն, պետական համագործակցականի պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական մարզի հանգստեան կոչուած պաշտօնեաները:
Խալիլ հերքեց այն լուրերը, թէ խտրութիւն կատարուած է պաշտօնեաներուն միջեւ` հաստատելով, որ բոլորին ամսական աշխատավարձը նոյն սակին հիման վրայ:
Միւս կողմէ, կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Խալիլ սկսած է սերտել այն ընտրանքները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ գումարներ ապահովել յառաջիկայ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն կայացման համար:


