Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Շարունակէ Ֆրենժիէն Պաապտա Հասցնելու Պայքարը

Ապրիլ 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած արտաքին զարգացումներուն զուգահեռ կ՛արձանագրուին նաեւ ներքին զարգացումներ, յատկապէս` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընդդիմադիրներուն կողմէ:

Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը քաջատեղեակ են այն իրականութենէն, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը անկարելի է, որ կատարուի առանց արտաքին բանակցութիւններու, այլ խօսքով` շրջանային եւ միջազգային կարգ մը երկիրներու միջեւ խորհրդակցութիւններուն եւ գոյանալիք համաձայնութիւններուն:

Մինչ քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւնները կը պատրաստուին  5 ապրիլին ուղղուելու Հարիսա եւ հոգեւոր խոկումի դռնփակ հանդիպումներ կատարելու ու աղօթելու, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Սլէյման Ֆրենժիէի Ֆրանսա կատարած այցելութեան լոյսին տակ հաստատեց, որ կտրականապէս կը մերժէ անոր Պաապտա հասնիլը:

Լիբանանեան ուժեր ընդգծեցին, որ Ֆրենժիէն կամ անոր նմանակը հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու պարագային իրենք պիտի չճանչնան զայն եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան պիտի սկսին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առնելիք այս քայլին կրնան միանալ այլ քրիստոնեաներ` երկիրը առաջնորդելով դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:

Երկրին մէջ տիրող այս տուեալները ամէնէն աւելի կը յուզեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որովհետեւ Պքերքէ կը մերժէ, որ քրիստոնեայ համայնքին մէջ տիրող երկփեղկումը պատճառ դառնայ, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի անհատ մը, որ քրիստոնեայ մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ եւ քրիստոնեայ համայնքին ժողովրդականութիւնը չի վայելեր:

Ռայի պատրիարքը մտահոգող հիմնական կեցուածքները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքներն են, ինչպէս նաեւ Վատիկանէն անոր ստացած զգուշացումները, թէ քրիստոնեայ ուժերուն միջեւ ճակատումի մթնոլորտը եւ բախումնային իրավիճակը կրնան ազդել Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան ապագային վրայ:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին արձանագրած զարգացումներուն շրջագիծին մէջ պէտք է ըսել նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ համաձայնական թեկնածու մը առաջադրելու ջանքերը ձախողեցան:

Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցելու իմաստով խուսանաւում չի կատարեր, այլ համոզուած է անոր թեկնածութեամբ եւ այդ իմաստով խոստացած է Հըզպալլային` զօրակցիլ Սլէյման Ֆրենժիէի, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով նամակ մը յղած է Դամասկոս:

Այս առումով Պըրրի ճիգ չի խնայեր Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու, մանաւանդ անոր հասած այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ իր նկատմամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կեցուածքը տակաւին ժխտական է:

Պըրրի իր մօտիկներէն կազմուած նեղ շրջանակին մը մէջ հաստատած է, որ ինք կը շարունակէ Ֆրենժիէն Պաապտա հասցնելու պայքարը` աւելցնելով, որ եթէ անոր նախագահ ընտրուիլը ներքին եւ արտաքին արգելքներու կը բախի, ապա պէտք է զանոնք վերացնել:

Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ կ՛անդրադառնան նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի միջեւ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան հանդիպումին, որուն ընթացքին Շիա հարց տուած է, թէ ի՞նչ է պատճառը Ֆրենժիէին կառչած մնալուն, իսկ Պըրրի պատասխանած է հետեւեալ կերպով. «Ձեր հարցը ի՞նչ է Ֆրենժիէի հետ: Եթէ կը փնտռէք անձնաւորութիւն մը, որ կարող է խօսիլ եւ համաձայնիլ Սուրիոյ ու Հըզպալլայի հետ, ապա ձեր կարծիքով ո՞վ նման բան կրնայ կատարել: Արդեօք գիտէ՞ք, թէ ներկայիս առկայ թեկնածուներէն ո՛վ կրնայ խօսիլ Պաշշար Ասատի հետ` լուծելու համար երկու երկիրներուն միջեւ անլոյծ հարցերը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Առկայ թեկնածուներէն որո՞ւն կը վստահի Հըզպալլան, որուն հետ պէտք է փոխըմբռնում գոյանայ` Լիբանանի եւ անոր արտաքին յարաբերութիւններուն գծով: Ո՞վ ըսաւ, որ Ֆրենժիէ քրիստոնէական ներկայացուցչութեան կշիռ չի ներկայացներ: Արդեօք կա՞ն անհատներ, նոյնիսկ Ֆրենժիէի հակառակորդներուն մէջ, որոնք կրնան ուրանալ անոր քրիստոնէական պատմութիւնը եւ անոր ընտանիքին պատմութիւնը. անոր յարաբերութիւնները թէ՛ արաբական աշխարհին, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, եւ թէ՛ Արեւմուտքին հետ լաւ եղած են»:

Պըրրի Շիայի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ Ֆրենժիէ Սէուտական Արաբիոյ հետ հարց չունի` աւելցնելով, որ Ռիատը կրնայ Ֆրենժիէի հետ հարց ունենալ, ինչ որ իրապաշտ մօտեցում չէ, որովհետեւ Ֆրենժիէ պատասխանատու չէ Հըզպալլայի կամ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարածներուն:

Պըրրի ընդգծած է, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ իսլամներուն ենթակայ չէ, ինչպէս նաեւ կարող է դիմադրել ոչ տրամաբանական քրիստոնեայ ճնշումներու: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Շիա իր կարգին հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ֆրենժիէի հանդէպ կեցուածք չեն ճշդած` աւելցնելով, որ ինք կ՛ըմբռնէ Պըրրիի խօսքերը:

Նշենք նաեւ, որ Ուաշինկթըն վեթոյի չէ ենթարկած Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկա, կեցուածք մը, որ յստակ դարձած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆի Լիբանան այցելութեան ընթացքին, 24 մարտ 2023-ին:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Մքերիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Վրոնեցքա Շեշտեց Լիբանանի Կայունութիւնը Պաշտպանելու Եւ Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?