Լիբանանեան

Ուաշինկթընի Մէջ.  Քանաան Շարունակեց  Իր Հանդիպումները

Ուաշինկթընի Մէջ. Քանաան Շարունակեց Իր Հանդիպումները

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ, կը շարունակէ իր հանդիպումները: Ուաշինկթընի մէջ Քանաան ունեցաւ զոյգ հանդիպումներ, որոնցմէ առաջին Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժի եւ դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի շրջանային տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէի հետ, իսկ երկրորդը` Միջազգային դրամատան գործադիր տնօրէն Մանսուր Շմալիի եւ անոր խորհրդական...

«Սքայ Նիուզ». «Հըզպալլա Համասի  Մարտիկներ Կը Մարզէ` Իսրայէլը Հեռահար  Հրթիռներով Ռմբակոծելու»

«Սքայ Նիուզ». «Հըզպալլա Համասի Մարտիկներ Կը Մարզէ` Իսրայէլը Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծելու»

«Սքայ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուէ մը, կը հաղորդէ, որ Հըզպալլա Համասի մարտիկներ կը մարզէ` Իսրայէլը հեռահար հրթիռներով ռմբակոծելու նպատակով: Նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ Իրանի Յեղափոխական բանակին, Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ միջեւ կայ համագործակցութիւն` Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի մարտիկները ռազմական վարժողութիւններու ենթարկելու իմաստով: Ամերիկացի պատասխանատուն ընդգծեց, որ այդ մարզումները տեղի կ՛ունենան Պեքաայի մէջ: Մարզումներէն ետք Համասի մարտիկները...

Մորիս Սլիմ. «Պէտք Է Կատարեալ  Անաչառութեամբ Արդար Վճիռներ Արձակել»

Մորիս Սլիմ. «Պէտք Է Կատարեալ Անաչառութեամբ Արդար Վճիռներ Արձակել»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Զինուորական ատեանի նախագահն ու անդամները, որոնց հետ քննարկեց ատեանին վերաբերող հարցեր: Սլիմ շեշտեց, որ Զինուորական ատեանը պէտք է հսկէ օրէնքի եւ կանոններու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ իր պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ ամբողջական կերպով եւ համաձայն օրէնքին: Սլիմ հաստատեց, որ Զինուորական ատեանը պէտք է կատարեալ անաչառութեամբ արդար վճիռներ արձակէ` հեռու մնալով երկու չափ երկու կշիռի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա` ռամատանի  ուխտագնացութեան առիթով: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ 13 ապրիլի քաղաքացիական պատերազմի յիշատակին առիթով յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է այն ժամանակ միայն, երբ լիբանանցիք համայնքային մտայնութենէն հրաժարին եւ այդ յիշատակէն ուսանելի...

Մայիսին Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ Չկան

Մայիսին Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ Չկան

Խորհրդարանի Դիւանը Այսօր Պիտի Գումարէ Ժողով Մը  Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որմէ բացակայեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարներ Պասսամ Մաուլաուի եւ Եուսեֆ Խալիլ: Թէեւ Մաուլաուիի եւ Խալիլի ներկայացուցիչները ներկայացան միացեալ նիստին, սակայն անոնց բացակայութիւնը Պու Սաապի կողմէ նկատուեցաւ ժխտական ցուցանիշ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի քաղաքապետական եւ...

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  Նախապատրաստութիւնները

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին` ներկայութեամբ նախարարութեան մէջ անձնական տուեալներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Էլիաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնները: Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիա: Միքաթի ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ամին Շըրրին եւ Ռաէտ Պըրրոն: Միւս կողմէ, Միքաթի կէսօրէ առաջ...

Պքերքէի Մէջ.   Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Մերժեց  Հարաւային Լիբանանը Վերածել  Պատգամներ Փոխանակելու Վայրի

Պքերքէի Մէջ. Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Մերժեց Հարաւային Լիբանանը Վերածել Պատգամներ Փոխանակելու Վայրի

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը կը հետեւի քաղաքական եւ դիւանագիտական շարժումներուն, որոնք կը կատարուին արաբական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ` իրագործելու համար նախագահական ընտրութիւնները: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերադառնալու իրենց խղճին: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մերժեց հարաւային Լիբանանը վերածել պատգամներ...

Պասիլ. «Կը Մերժենք Մեր Հողերը Օգտագործել Քաղաքական Պատգամներ Ուղղելու Համար»

Պասիլ. «Կը Մերժենք Մեր Հողերը Օգտագործել Քաղաքական Պատգամներ Ուղղելու Համար»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ժիպէյլի մէջ լիբանանցի գործարար Ռապիհ Օուատի կողմէ հրաւիրուած իֆթարի մը առիթով յայտնեց, որ Գահիրէի համաձայնագիրը մահացած է ու «Ֆաթհ լենտ»-ը գոյութիւն չունի, եւ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք կը մերժեն իրենց հողերը օգտագործել` քաղաքական պատգամներ ուղղելու համար: «Մեր հողերուն վրայ միայն լիբանանեան զէնք կ՛ուզենք եւ կը մերժենք, որ ոչ լիբանանեան խմբաւորումներու կողմէ հրթիռարձակում կատարուի...

Անսարի. «Նախագահական Թեկնածու Մը  Ճշդելու Իմաստով Քաթար Կը Զօրակցի  Միջլիբանանեան Համախոհութեան»

Անսարի. «Նախագահական Թեկնածու Մը Ճշդելու Իմաստով Քաթար Կը Զօրակցի Միջլիբանանեան Համախոհութեան»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆիի Լիբանան կատարած այցելութեան, յայտնեց, որ այդ այցելութեան նպատակն էր բացայայտել եւ զօրակցիլ միջլիբանանեան համախոհութեան, ինչպէս նաեւ օժանդակել, որ լիբանանեան քաղաքական պատասխանատուները համախոհութեան մը յանգին` Լիբանանը դուրս բերել կարենալու իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն: Անսարի յայտնեց, որ նախագահական թեկնածու մը ճշդելու իմաստով Քաթար կը...

Նախագահական Ընտրութեան Յետհաշուարկը  Կրնայ Սկսիլ Ֆիթրի Տօնէն Ետք

Նախագահական Ընտրութեան Յետհաշուարկը Կրնայ Սկսիլ Ֆիթրի Տօնէն Ետք

Հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը տեղքայլի մէջ կը գտնուի, սակայն քուլիսներու ետին արձանագրուած զարգացումները կը հաստատեն, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յետհաշուարկը կրնայ սկսիլ Ֆիթրի տօնէն ետք` նկատի ունենալով սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնն ու անոր ունենալիք դրական ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ: Ս. Զատկուան տօներուն վերաբերող արձակուրդները եղան առիթ մը` շարունակելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին քննարկումը այն երկիրներուն հետ, որոնք հետաքրքրուած են...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի: ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դատարանի պատուիրակութիւնը, որ հարցաքննած էր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, այս ամսուան աւարտին` մեծ հաւանականութեամբ 22 ապրիլէն ետք, պիտի վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու համար Սալամէի հարցաքննութիւնը, որ կը վերաբերէր դրամի լուացումի եւ իւրացման հետաքննութեան: Նշենք, որ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց,...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Ֆիրաս Ապիատի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Ֆիրաս Ապիատի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզի տագնապները, ինչպէս նաեւ դեղորայք հայթայթելու դժուարութիւնն ու դեղորայքի սղաճի հարցը: Քննարկուեցաւ յատկապէս Մեթնի հիւանդանոցներուն եւ հայկական ընկերաբժշկական կեդրոններուն ու դարմանատուներուն կացութիւնը: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը քննարկելու նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու քաղաքապետական ընտրութիւնները, ինչպէս...

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Լիբանանի  Յարութեան Մաղթանքներ Ու Պատգամներ

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Լիբանանի Յարութեան Մաղթանքներ Ու Պատգամներ

Մինչ դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի տագնապին լուծման նպատակով հնգակողմանի երկրորդ հանդիպում մը պիտի կայանայ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջեւ, կը նախատեսուի, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունենայ նշեալ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն մակարդակով: Այս ժողովը հիւրընկալելու փափաք յայտնած են Ռիատը, Ուաշինկթընն ու Գահիրէն, իսկ այն տեղեկութիւնները, թէ Իրան եւս մաս պիտի կազմէ այս...

Պրիւքսելի Մէջ.  «Լիբանանի Վիճակը Պիտի Վատթարանայ,  Եթէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Տունդարձը Չապահովուի»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Լիբանան Պաշտօնապէս Բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

Հարաւային Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումները քննարկուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին յղել բողոքի նամակներ` ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան ճամբով: Պու Հապիպ հաստատեց, որ նամակը կը բովանդակէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կառչած մնալու Լիբանանի յանձնառութեան կեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ իր...

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Կը Քննարկէ  Վերջին Իրադարձութիւնները

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Կը Քննարկէ Վերջին Իրադարձութիւնները

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց բռնագրաւուած Պաղեստինի վերաբերող հարցեր, Աքսայի մզկիթին առնչուող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան կարողութիւններն ու անոր բաղկացուցիչներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Նշենք, որ Հանիէ աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը սէյիտ Նասրալլայի...

Սամի Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Պատասխանատու Է  Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեան»

Սամի Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Պատասխանատու Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեան»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող ապօրինի հրթիռային մարտկոցները զարմանալի չեն` նկատի ունենալով, որ սահմանային շրջանները վերածուած են ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններու գործելադաշտին: «Հետեւաբար բնական է, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները համաձայն չըլլալով հանդերձ վճարեն երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի դրութիւնը որոշող այդ միլիսներու արարքներուն գինը», ըսաւ ան: Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա եւ պաղեստինեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 88.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, վառելանիւթի սակերը սղած են եւ նուազած: Այսպէս, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 37.000 լ. ոսկիի բարձրացում եւ 98 օքթան պենզինը` 37.000 լ. ոսկի բարձրացում, մինչ մազութի թիթեղին սակը արձանագրեց 2.000 լ. ոսկիի նուազում,...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 8, երկուշաբթի, 10 եւ երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 12 ապրիլին:

Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Խմբաւորումներ  Կը Ռմբակոծեն Իսրայէլը,  Որ Կը Խոստանայ Ուժգին Հակադարձել

Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Խմբաւորումներ Կը Ռմբակոծեն Իսրայէլը, Որ Կը Խոստանայ Ուժգին Հակադարձել

Երէկ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Լիբանանէն իսրայէլեան բնակեցման վայրերու ուղղութեամբ 100 հրթիռ արձակուած է 10 վայրկեանի մէջ: Նոյն աղբիւրները հաղորդեցին, որ արձակուած հրթիռները «Քաթիուշա» եւ «Կրատ» տիպի հրթիռներ են, իսկ հրթիռարձակումը գործուած է պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ: Լիբանանէն գործուած ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուեցան իսրայէլացի երեք քաղաքայիններ` արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ: Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն,...

Հարիսայի Մէջ.  53 Երեսփոխաններ Մասնակցեցան «Բեթանիոյ»  Հոգեւոր Առանձնացումի Հանդիպումին

Հարիսայի Մէջ. 53 Երեսփոխաններ Մասնակցեցան «Բեթանիոյ» Հոգեւոր Առանձնացումի Հանդիպումին

Ընդառաջելով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի հրաւէրին` 53 քրիստոնեայ երեսփոխաններ երէկ մասնակցեցան Հարիսայի «Բեթանիա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր առանձնացումի հանդիպումին: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Հոգեւոր առանձնացումի հանդիպումը սկիզբ առաւ հոգեւոր զեկուցումով մը, որ ներկայացուց պատրիարքական փոխանորդ Անթուան Աուքար եպիսկոպոսը` անդրադառնալով...

Page 275 of 987 1 … 274 275 276 … 987

Արխիւներ