Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տեղեկատուութեան մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները: