Մաուլաուի Հոգեւոր Եւ Քաղաքական Հեղինակութիւններու Հետ Քննարկեց Մար Մըխայէլի Եւ Ժըմմէյզէի Կացութիւնը
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց Պէյրութի, յատկապէս` Մար Մըխայէլի եւ Ժըմմէյզէի կացութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդի ներկայացուցիչ հայր Նեքթարիոս Խէյրալլա, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի...




















