Լիբանանեան

Հալապի. «Պրէօվէի Աշակերտներուն Վկայագիր  Պիտի Շնորհենք Եւ Պաքալորէայի  Վերաքննութիւն Պիտի Կազմակերպենք»

Հալապի. «Պրէօվէի Աշակերտներուն Վկայագիր Պիտի Շնորհենք Եւ Պաքալորէայի Վերաքննութիւն Պիտի Կազմակերպենք»

Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց ուսուցիչները, յատկապէս անոնք, որոնք ընդառաջեցին պետական քննութիւնները կազմակերպելու գործընթացին` մղուելով այն համոզումէն, որ պետական քննութիւնը ազգային եւ կրթական գործընթաց է, եւ ինք գոհ է այդ ընթացքէն: Հալապի յայտնեց, որ երկրին կրթական համակարգը տագնապալի վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ անձնական դպրոցներուն վիճակը աւելի փայլուն չէ պետական դպրոցներուն հետ բաղդատած: «Միւս կողմէ, աշակերտները...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Վրոնեցքան Եւ Սլիմը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Վրոնեցքան Եւ Սլիմը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացնելիք իր տարեկան տեղեկագիրը եւ հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, որպէսզի ան կարենայ իր  տագնապները շրջանցել: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, որ նախընտրեց Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած իր հարցերուն մասին...

Մորիս Սլիմ. «Նախարարութեան Հարցերը  Կը Լուծեմ Պաշտպանութեան  Օրէնքին Հիման Վրայ»

Մորիս Սլիմ. «Նախարարութեան Հարցերը Կը Լուծեմ Պաշտպանութեան Օրէնքին Հիման Վրայ»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքին վահանն է` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ անոր` նկատի ունենալով, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մակարդակով անիկա իր պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ: «Նախարարութեան հարցերը կը լուծեմ պաշտպանութեան օրէնքին հիման վրայ: Ես քաղաքական աշխատանք չեմ տանիր եւ քաղաքականութեան հիման վրայ կեցուածքներ չեմ ճշդեր, ինչպէս նաեւ կը մերժեմ, որ բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան նստաշրջանին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է...

Շարաֆէտտին. «Եւրոպական Խորհրդարանի  Որոշումը Լիբանանեան Ներքին  Հարցերուն Կոպիտ Միջամտութիւն Է»

Շարաֆէտտին. «Եւրոպական Խորհրդարանի Որոշումը Լիբանանեան Ներքին Հարցերուն Կոպիտ Միջամտութիւն Է»

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին «Նաշրա»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ նախանցեալ օր հրապարակուած որոշումը, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելուն, անարգ եւ մերժելի որոշում մըն է: Շարաֆէտտին յայտնեց, որ այդ որոշումին նպատակն է Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Սուրիա չայցելէ եւ տեղահանուածներու տունդարձին պատշաճ ու ապահով գործիքակազմ...

«Ղաժարը, Մազարեհ Շեպաան Եւ Քֆարշուպայի  Բարձունքները Իսրայէլացիին Պիտի Չձգուին»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Ղաժարը, Մազարեհ Շեպաան Եւ Քֆարշուպայի Բարձունքները Իսրայէլացիին Պիտի Չձգուին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ գիշեր արտասանեց  պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Մեծն Միջին Արեւելքի ծրագիրը 2006-ին ձախողած է Լիբանանի մէջ` Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին, ապա այդ ձախողութեան շարունակութիւնը վկայած են Պաղեստինեան հողերուն, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ: «Միացեալ Նահանգներուն արգիլուեցաւ իրենց քաղաքական նպատակները գործադրել` Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ, եւ...

Արտել. «Սահմանային Կապոյտ Գիծին Մօտ  Արձանագրուած Խախտումներուն Մասին  Տեղեկագիրները Մտահոգիչ Են»

Արտել. «Սահմանային Կապոյտ Գիծին Մօտ Արձանագրուած Խախտումներուն Մասին Տեղեկագիրները Մտահոգիչ Են»

Չորեքշաբթի, 12 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ի շուրջ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած խախտումներուն լոյսին տակ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի փոխտնօրէն Քենտիս Արտել յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը այդ մասին մտահոգիչ տեղեկագիրներ ունի եւ կը շարունակէ հետապնդել մանրամասնութիւնները: Արտել հաստատեց, որ տիրող կացութիւնը գերզգայուն է` կոչ ուղղելով բոլորին կասեցնելու իւրաքանչիւր քայլ, որ կրնայ ապահովական...

Ժահժահ. «Պատրաստ Ենք Կողմնակի  Խորհրդակցութիւններու` Նախագահական  Ընտրութեան Նոր Թեկնածուի Մը  Անուն Ճշդելու Նպատակով»

Ժահժահ. «Պատրաստ Ենք Կողմնակի Խորհրդակցութիւններու` Նախագահական Ընտրութեան Նոր Թեկնածուի Մը Անուն Ճշդելու Նպատակով»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք մերժելու սիրոյն չեն մերժած երկխօսութիւնը, այլ խուսափած են ժամանակ կորսնցնելու հաւանականութենէն: Ժահժահ նշեց, որ իրենք պատրաստ են կողմնակի խորհրդակցութիւններու` նախագահական ընտրութեան նոր թեկնածուի մը անուն ճշդելու նպատակով, պայմանով որ նոր թեկնածուն ըլլայ գերիշխանական անձնաւորութիւն: Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ նախքան երկխօսութեան հրաւիրելը Հըզպալլա վերջ տայ խորհրդարանին օրինաթիւը վերացնելու իր...

Վրոնեցքա Հանդիպումներ Ունեցաւ  Թոնի Ֆրենժիէի Եւ Սամի Ժեմայէլի Հետ

Վրոնեցքա Հանդիպումներ Ունեցաւ Թոնի Ֆրենժիէի Եւ Սամի Ժեմայէլի Հետ

Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի տարեկան տեղեկագիրը ներկայացնելու նպատակով Նիւ Եորք իր մեկնումէն առաջ կատարած այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը` ընդգծելով այդ հարցին յարմար լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը` խնդրոյ առարկայ տարբեր մարմիններուն միջեւ գործակցութեամբ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նստաշրջանին երկարաձգումը նախատեսելի չէ: Շամի ընդգծեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը մերժէ երկարաձգել Սալամէի նստաշրջանը, եւ աւելցուց, որ ինք տեղեակ չէ, եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միքաթիէն նման բան պահանջա՞ծ է, թէ՞...

Մինչ Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Քննել Լիբանանեան Թղթածրարը, Լիբանան  Կը Շարունակէ Մնալ Տարբեր Ալիքի Վրայ

Մինչ Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Քննել Լիբանանեան Թղթածրարը, Լիբանան Կը Շարունակէ Մնալ Տարբեր Ալիքի Վրայ

Մինչ Լիբանանի տագնապի լուծման գծով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Ռիատի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան թղթածրարը, Լիբանան կը շարունակէ մնալ տարբեր ալիքի վրայ` անտեսելով առաջնահերթութիւնները, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարց եւ այլ անհրաժեշտ հարցեր: Լիբանանցին կը շարունակէ ուրախանալ երկիր այցելող արտերկրի լիբանանցիներով, զբօսաշրջութեամբ, ամրան արձակուրդով, Միջերկրականի ծովափով, գիւղական...

Պըրրի Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Պըրրի Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հատի Ապուլ Հասան եւ Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական...

Պասիլ. «Ցամաքային Սահմանագծումի Մասին Բանակցութեան Որեւէ Խօսակցութիւն  Սահմանադրութեան Խախտում Կը Նկատուի»

Պասիլ. «Ցամաքային Սահմանագծումի Մասին Բանակցութեան Որեւէ Խօսակցութիւն Սահմանադրութեան Խախտում Կը Նկատուի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, անդրադառնալով 2006-ի յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին, կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց դիմադրելու Լիբանանի իրաւունքը` ազատագրելու համար բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու համար լիբանանեան գերիշխանութիւնը: Ան զարմանք յայտնեց կառավարութեան այսօրուան վարուելակերպէն, որ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանները ճշդելու իմաստով իր պատրաստակամութեան: «Սահմանագծումին մասին բանակցութիւնները կատարելը հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնն է, հետեւաբար ցամաքային...

Իսրայէլ Թիրախ Կը Դարձնէ  Հարաւային Լիբանանի Սահմանը

Իսրայէլ Թիրախ Կը Դարձնէ Հարաւային Լիբանանի Սահմանը

Երէկ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի Պուսթան սահմանամերձ գիւղաքաղաքին մէջ լսուեցաւ պայթում մը, որուն մասին աւելի ուշ յայտնուեցաւ, թէ իսրայէլեան բանակին կողմէ գործուած ռմբակոծում մըն է Պուսթանի արեւմտեան կողմը գտնուող Ռիշէ աւազանին ուղղութեամբ: Ռումբին բեկորները պատճառ դարձած են, որ չորս լիբանանցի քաղաքացիներ վիրաւորուին: Վիրաւորներուն մասին ըսուեցաւ նաեւ, որ անոնք Դիմադրութեան մարտիկներ են: Լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, որոնք շրջանին մէջ...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քաթարի  Եւ Իրանի Դեսպանները

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քաթարի Եւ Իրանի Դեսպանները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան կապուած հարցերը: Սահլաուի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութենէն աւելի կարեւոր բան գոյութիւն չունի, եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու նախագահական ընտրութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Սահլաուի ընդգծեց, որ Քաթար միշտ կը զօրակցի Լիբանանին`...

Եւրոպական Խորհրդարանը Մեծամասնութեամբ  Թեր Քուէարկած Է Սուրիացի Տեղահանուածները  Լիբանանի Մէջ Պահելու Որոշումին

Եւրոպական Խորհրդարանը Մեծամասնութեամբ Թեր Քուէարկած Է Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանի Մէջ Պահելու Որոշումին

Ֆրանսացի երեսփոխան Թիերի Մարիանի թուիթըրեան իր գրառումով հաստատեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը մեծամասնութեամբ թեր քուէարկած է սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու որոշումին: Նշենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին տալիք` սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու որոշումը Լիբանանի գոյութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը կը նկատուի: Ան աւելցուց, որ իբրեւ լիբանանցիներ` կուսակցութիւններ եւ համայնքներ,...

Միւֆթի Տըրիան Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

Միւֆթի Տըրիան Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ Միւֆթի Տըրիանը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով, եւ աւելցուց, որ քննարկուած է երկրին ապահովական կացութիւնը: Մաուլաուի ընդգծեց, որ ապահովութեան բոլոր ուժերուն ու բանակին ներկայութեամբ եւ զոհողութիւններով Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզի դերակատարութիւնը` ընդգծելով անոր պատասխանատուութիւնը երկրին դիմագրաւած այս զգայուն ժամանակաշրջանին ընթացքին: ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հարց տուաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ ելեւմուտքի նախարարի...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Կը Հանդիպի Պասիլի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Կը Հանդիպի Պասիլի

Երէկ յետմիջօրէին ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, հանդիպում մը ունեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի եւ Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներէն Ղասսան Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, ազգային երկխօսութեան,...

Յուլիսեան Պատերազմի 17-Ամեակին Առիթով.   «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Պէտք Չէ Շեղէ  Մեր Ուշադրութիւնը Թշնամի Ըլլալու  Իսրայէլի Իրողութենէն»    Շեշտեց Պըրրի

Յուլիսեան Պատերազմի 17-Ամեակին Առիթով. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Պէտք Չէ Շեղէ Մեր Ուշադրութիւնը Թշնամի Ըլլալու Իսրայէլի Իրողութենէն» Շեշտեց Պըրրի

2006-ի յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւններն ու տարբերութիւնները` բազմաթիւ կարեւոր հարցերու, թղթածրարներու եւ գործընթացներու շուրջ, կ՛ենթադրէ ազգային պատասխանատուութեամբ անոնց լուծումը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Բայց եւ այնպէս այս բոլորին զուգահեռ քաղաքական տարակարծութիւնը պէտք չէ շեղէ մեր ուշադրութիւնը թշնամի ըլլալու Իսրայէլի իրողութենէն` նկատի ունենալով ամէնօրեայ դրութեամբ իսրայէլեան...

Page 260 of 987 1 … 259 260 261 … 987

Արխիւներ