Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտել. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Հետաքննութիւն Բացած Են Կապոյտ Գիծին Վրայ Արձանագրուած Միջադէպին Մասին»

July 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի փոխտնօրէն Քենտիս Արտել յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հետաքննութիւն բացած է անցեալ չորեքշաբթի օր սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած միջադէպին մասին` աւելցնելով սակայն, որ բարեբախտաբար այդ միջադէպին յաջորդող օրերուն կացութիւնը հանդարտ եղած է :

Արտել շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերն ու անոնց հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ կը շարունակեն իրենց հաղորդակցութիւնները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը շարունակեն հսկել կացութեան, իսկ մենք կը շարունակենք հետաքննութիւնը:

Արտել նկատել տուաւ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան իշխանութիւնները յանձնառու կը մնան սահմանային կացութիւնը մագլցումի չառաջնորդելու: «Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին շարունակելու ինքնազսպումը` խուսափելու համար յաւելեալ մագլցումներէ», ըսաւ Արտել:

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը «Ափաչի» տիպի ուղղաթիռներով խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ գործելով Պընթ Ժպէյլի վերեւ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան մարտանաւ մը Ռաս Նաքուրայի սահմանամերձ շրջանին մէջ ծովային սահմանի ոտնձգութիւն գործած է:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ կը համադրէ գործուած այս ոտնձգութեան հարցը քննելու համար:

ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը յայտնեց, թէ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ, հինգշաբթի, 13 յուլիս 2023-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` վարչապետարանին մէջ, ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան, լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան ժամանակաշրջանը լաւագոյն կերպով գործադրելու միջոցները, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ արձանագրուած բացթողումները լուծելու ձեւերը:

Ներկայացուցիչներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ յաջորդ հանդիպումները հերթական կերպով կատարելու` ամրապնդելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը, որ կը միտի պահպանել հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Լիբանան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած միջազգային բոլոր որոշումներուն գործադրութեան, եւ կոչ ուղղեց բոլորին իր օրինակին հետեւելու:

 

Նախորդը

Պասիլ-Սաֆա Հանդիպումներ

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառչած Կը Մնանք Տնտեսական Ապաքինման Ծրագիրին Մէջ Նկատի Ունենալու Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիներուն Իրաւունքը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.