Մար Շարպելի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթ օր Ս. պատարագ մատուցեց Պքաաքաֆրայի Մար Հաուշապ վանքին մէջ:
Իր քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան եւ անոր շրջանակները կարիքը ունին քրիստոնեաներու, որոնք քաղաքական եւ դատական կեանքին մէջ կը փայլին:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները հանրապետութեան նախագահ պիտի չկարենան ընտրել, եթէ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով չփայլին: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ միայն այդ արժէքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սահմանադրական հաստատութիւնները կեանքի կոչել եւ աղքատ ու տառապած ժողովուրդին օդանդակել:
«Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ բոլորը արձակէ իրենց շահերէն եւ քանդիչ ծրագիրներէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն մէջ շեշտեց, թէ Աստուծոյ թաքուն ձեռքով է, որ Լիբանան կը փրկուի քանդումէ եւ ամբողջական քայքայումէ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքաաքաֆրայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ ցաւ յայտնեց Քըրնեթ Սաուտայի միջադէպին շուրջ բացուած հետաքննութեան գծով արձանագրուած միջամտութիւններուն համար:
Սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին առումով Ժահժահ նշեց, որ այդ խորհրդարանի որոշումները գործադրելու իմաստով Լիբանան յանձնառութիւն չունի:


