ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.900 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի, երբ երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ, որ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը պիտի շարունակէ գործել նոյն օրէնքներով: Նշենք, որ շաբաթավերջին ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը արձանագրեց բարձր ոստում մը` հասնելով մինչեւ 99.000 լ. ոսկի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին Եւրոպական խորհրդարանին տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ո՞վ էք դուք, որ ուրիշին պատկանող հողատարածքները տրամադրէք մէկուկէս միլիոն մարդ բնակեցնելու համար»:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ երկկողմանի գործակցութեան պահպանումը:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ազգային տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ ֆրանսական միջամտութեան նպատակն է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնց ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ խաղաղ ու հանդարտ երկխօսութիւն մը կատարել իրարմէ գժտուած քաղաքական ուժերուն միջեւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ արտաքին որեւէ միջամտութիւն ողջունելի է, եթէ անոր նպատակն է մեզի օժանդակել, «իսկ մեր վրայ կարծիք եւ կեցուածք պարտադրելու առումով անիկա մերժելի է», հաստատեց ան:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը նկատեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը խախտող որոշում մը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան շարունակելու տեղահանուածներու տունդարձին գծով իր ծրագրած աշխատանքը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք իրենց փաստերն ու պատճառաբանութիւնները ունին, եւ զանոնք կրնան ներկայացնել որեւէ երկխօսութեան ընթացքին` բացատրելու համար իրենց ճշդած կեցուածքներուն եւ տուած որոշումներուն ենթահողը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ դրուատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան վերականգնումը: «Երկխօսութիւնները անհրաժեշտ են եւ անոնք կրնան արդիւնաւորուիլ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս, անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի տուած որոշումին, հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պայքարի այս որոշումին դէմ` Սուրիոյ հետ աշխատանքը համադրելով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին հետ պիտի շարունակեն աշխատիլ` բիւրեղացնելու համար պատկերը եւ յանգելու համար լուծումներու: Ան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ամբաստանեց Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ յեղաշրջում գործելու յանցանքով` աւելցնելով, որ ազգային երկխօսութիւնը յաւելեալ հարուած մըն է, որ կրնայ հասնիլ Թաէֆի համաձայնագիրին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ նոր Լիբանանի մը մեկնարկը:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար շարունակել սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնը հանդուրժելու ներկայ ընթացքով, որովհետեւ անոնց թիւը Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը կը կազմէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ Անսարի մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ խստիւ քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանին որոշումը, որ ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Սուրիոյ համար ազգային գերիշխանութեան միջամտութիւն կը նկատուի: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական հիմնական ուժերուն իրարու միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու` հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ անոր հաստատութիւններուն զարթօնքը ապահովելու համար:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս ընդգծեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը` աւելցնելով նաեւ, որ իրենք կը մերժեն սուրիացի տեղահանուածներու համարկումը` լիբանանեան շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց բնակեցումը Լիբանանի մէջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները անհրաժեշտ նկատեցին երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը` երկխօսութեան ճամբով, որովհետեւ անիկա է տրամաբանական միակ լուծումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ, անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին, կոչ ուղղեց վերջ տալու տեղահանուածներուն Լիբանան կեցութիւնը քաջալերելու ընթացքին: «Վերջ տուէք այն պատճառաբանութիւններուն, որ ապահովական պատճառներով սուրիացի տեղահանուածները պէտք է Լիբանանի մէջ մնան ու շարունակեն նիւթական օժանդակութիւն ստանալ», յայտնեց ան: