Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեքի «Մոհամետ Մաքքի» զօրանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ զինուորական ուսման երրորդ տարեշրջանը ամբողջացուցած եւ մօտիկ ապագային աւարտելու թեկնածու սպաներուն հետ:
Զօր. Աուն ստուգեց զօրանոցն ու անոնց ստացած մարզումները, ինչպէս նաեւ զինուորական կրթութեան ծրագիրն ու զայն բարեփոխելու մանրամասնութիւնները:
Զօր. Աուն շնորհաւորեց ուսանողները, որոնք յաջողութեամբ աւարտած են իրենց ուսման տարբեր փուլերը: Ան նշեց, որ աստիճանաւոր զինուորականները լիբանանեան բանակին հիմնասիւներն են, որովհետեւ անոնք են, որոնք հիմնական դերակատարութիւն ունին սպաներուն եւ զինուորներուն միջեւ:
Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց ուսանողներուն իրենց կարողութիւնները բարելաւելու բոլոր մարզերուն մէջ:
Զօր. Աուն իր խօսքը ուղղելով աստիճանաւոր զինուորականներուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը անոնց վստահուած առաքելութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու անոր կայունութիւնը պահպանելու երաշխիք մը, յատկապէս` այս դժուար փուլին ընթացքին, երբ մեզմէ համբերութիւն եւ կորով պահանջուած է:
«Նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին դուք գոյատեւումի արժանապատիւ օրինակ մը ներկայացուցիք, ինչպէս նաեւ հսկայական զիջումներ կատարեցիք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Դուք շահեցաք լիբանանցիներուն սէրն ու վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներուն վստահութիւնը, հետեւաբար պէտք է վարուիք այդ վստահութեան համապատասխան: Կեդրոնացէ՛ք նպատակին վրայ, որն է Լիբանանի պաշտպանութիւնը: Պահպանեցէ՛ք հաստատութիւնը, որպէսզի կարենանք պահպանել հայրենիքը: Դուք իրականացուցիք բազմաթիւ նուաճումներ` սահմանափակ կարողութիւններով, եւ այս իրականութիւնը կը պարզուի Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ թիւով: Անոնց ներկայութիւնը կը փաստէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու բանակին վրայ անոնց ունեցած վստահութիւնը», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն նշեց, որ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ իր պարտականութիւնները` պաշտպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու հայրենիքին կայունութիւնը: Ան աւելցուց, որ իր առաքելութիւնը շարունակելու ճամբուն վրայ բանակը նահատակներ եւ վիրաւորներ կու տայ` ի խնդիր Լիբանանի:
«Բանակը` իբրեւ կառոյց, կը գոյատեւէ ձեր ջանքերով, կամքով, եւ ատակութեամբ: Բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի ձեր կողքին մնայ: Ձեր պարտականութիւնները շարունակեցէ՛ք եւ տարաձայնութիւններով ու զրպարտութիւններով մի՛ տարուիք», ընդգծեց զօր. Աուն:


