Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ամալ շարժումի արտերկրի լիբանանցիներու բաժանմունքի ներկայացուցիչները, որոնց ներկայութեան արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան տնտեսական ապաքինման ծրագիրին մէջ նկատի ունենալու դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն, յատկապէս արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունքը:
Պըրրի յայտնեց, որ տնտեսական ու ելեւմտական տագնապի սկիզբէն ի վեր Ամալ շարժումը իր կեցուածքներուն մէջ միշտ անդրադարձաւ դրամատուներուն մէջ եղող լիբանանցիներու գումարներուն` հաստատելով, որ այդ գումարներուն կարելի չէ դպչիլ:
Ան բարձր գնահատեց արտերկրի լիբանանցիներու օժանդակութիւնը եւ տրամադրած նեցուկը` ներկայ Լիբանանին: «Ատիկա անչափելի օժանդակութիւն մըն է, որուն երախտագէտ կը մնանք, եւ որ մեր ճիտին պարտքն է մինչեւ մեր կեանքին վերջը», հաստատեց ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է ընդունիլ իբրեւ մարդկային ու մշակութային արժէք եւ ոչ միայն տնտեսական ու ելեւմտական աղբիւր:
Ան շեշտեց նաեւ լիբանանցիները հիւրընկալող տարբեր երկիրներու օրէնքներուն նախանձախնդիր մնալու եւ անոնց վարչակարգերը յարգելու յանձնառութիւնը: