Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական

July 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ իրերայաջորդ նիստեր` քննարկելու համար 2023-ի պետական ամավարկը:

Կառավարութեան առաջին ժողովը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 24 յուլիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք պետական ամավարկը ստանձնեց ելեւմուտքի նախարարութենէն:

Կառավարութիւնը, քննարկելէ եւ վաւերացնելէ ետք 2023-ի պետական ամավարկը, զայն պիտի յղէ խորհրդարանին:

Միւս կողմէ, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հնգակողմանի հանդիպումը` մասնակցութեամբ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տագնապի լուծման Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի:

Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ժողովը եղած է լուրջ եւ դրական` Լիբանանի հարցերուն լուծումներ գտնելու իմաստով:

Հանդիպումին ներկաները համաձայնութիւն գոյացուցին հետեւելու եւ զօրակցելու Լը Տըրիանի գործունէութեան, որ կը միտի Լիբանանի հարցին լուծում ապահովել:

Նշենք, որ Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան առումով:

Նախորդը

Պըրրի Թերզեանի, Շեհայէպի Եւ Մըրատի Հետ Քննարկեց Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Վիթալի Բալասանեան Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.