Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ 2019-էն ի վեր Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը, լիբանանցի քաղաքացիին գնելու կարողութեան անկումը, սակերու իմաստով ստեղծուած քաոսը, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն փլուզումը կը շեշտեն դրամատուներուն աշխատանքային համակարգը վերադասաւորելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու արդիւնաբերական զարթօնք մուտք գործելու կարեւորութիւնը:
Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ ելեւմտական համակարգի վերականգնումը կարեւոր է, որպէսզի անոր նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի: Ան աւելցուց, որ դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն ունեցած գումարներուն վերադարձը անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր է Լիբանանի մէջ օտար ներդրումները քաջալերելը:


