ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.900 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Տըրիան մաղթեց նաեւ, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը իր աւարտին հասնի մարդկութեան սիրոյն: Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուի` հրաժեշտի այցելութեամբ մը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սահլաուիի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Այս շրջագիծին մէջ Խաթիպ նշեց, որ Քաթար Լիբանանի կողքին եղած է եւ անոր զօրակցած` բոլոր տագնապներուն ընթացքին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնները` գործադրելու համար ազգային օրակարգերը, նախ եւ առաջ` նախագահական ընտրութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մասիհ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին շուրջ համախմբուելու եւ գործնական քայլերու դիմելու:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը քաղաքականութեան մէջ կատարուած ներդրում մը եւ Լիբանանի դէմ գործուելիք հրէշային դաւադրութիւն մը կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ անգլիական զինուորական պատուիրակութեան մը հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելի: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու եւ սահմանային պաշտպանութեան միջոցները հզօրացնելու հեռանկարները: