Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանին Մէջ. Ատուան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչներուն Հետ

July 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ խորհրդարանին մէջ յանձնախումբի նիստին նախագահելու ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հետ:

Հանդիպումէն ետք Ատուան յայտնեց, որ քննարկուած են Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նախագահութեան նստաշրջանի աւարտէն ետք ստանձնուելիք պատասխանատուութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Ատուան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչները կը սպասեն, որ կառավարութիւնը արձագանգէ իրենց պահանջներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կացութեան հետ առողջ վերաբերիլ:

Ատուան ըսաւ, որ փոխկառավարիչները պատրաստ չեն գործելու այնպէս, ինչպէս կը գործէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը:

Ատուան յայտնեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբը պիտի պահանջէ Կեդրոնական դրամատան տեղեկագիրներուն գաղտնիութիւնը վերացնել:

Ան նկատել տուաւ, որ փոխկառավարիչները յայտնած են, թէ իրենց միացեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակելուն նպատակը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ուշադրութեան արժանանալն էր` աւելցնելով, որ անոնք իրենց պատասխանատուութիւններէն պիտի չհրաժարին:

Ատուան աւելցուց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչները յղած են այնպիսի նամակներ, որոնք կը զգուշացնեն ելեւմտական քաղաքականութեան եւ օժանդակութեան քաղաքականութեան վտանգներէն:

Միւս կողմէ, կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ փոխկառավարիչները պահանջած են, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարի օգտագործումը օրինականացուի:

 

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ. «Ժահժահ Համոզուած Չէ Աւանդական Երկխօսութեան Նիստ Մը Գումարելու Գաղափարով» Շեշտեց Պու Սաապ

Յաջորդը

Մաուլաուի Հոգեւոր Եւ Քաղաքական Հեղինակութիւններու Հետ Քննարկեց Մար Մըխայէլի Եւ Ժըմմէյզէի Կացութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.