Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները իրենց գտնուած վայրերուն մէջ պահելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին դէմ լիբանանեան մերժողական կեցուածքներն ու կառավարութեան շտապ նիստ մը գումարելու կոչերը մնացին անպատասխան:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երկրէն դուրս կը գտնուի եւ Լիբանան կը վերադառնայ 24 յուլիսէն ետք:
Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ վարչապետի պաշտօնակատարը Հռոմի մէջ խորհրդաժողովի մը պիտի մասնակցի:
Հետեւաբար շտապ նիստ մը գումարելու իմաստով տարբեր նախարարներու կոչերը մնացին անպատասխան:
Միւս կողմէ, հաստատուեցաւ նաեւ, որ լիբանանեան-սուրիական պաշտօնական հանդիպում մը կայացնելու իմաստով ժամադրութիւն չէ ճշդուած տակաւին` քննարկելու համար տեղահանուածներուն կամովին ու ապահով տունդարձը:
Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ Սուրիա չ՛ուղղուիր տեղահանուածներու թղթածրարը քննարկելու նպատակով, ըսաւ. «Հարցը ուղղեցէ՛ք Միքաթիին»:
Այս բոլորին առընթեր, լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տագնապները կը յամենան:
Լիբանանեան քաղաքական շրջանակները կը սպասեն Լիբանանի տագնապի լուծման գծով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Պէյրութ վերադարձին, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, խորհրդարանին մէջ եւ խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: