Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայսարի. «Անցագիրներու Տագնապ Գոյութիւն Չունի, Իսկ Ոճիրներուն Համեմատութիւնը Աճ Արձանագրած Է»

Յուլիս 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուած է` աւելցնելով, որ իբրեւ ապահովական կառոյցներ, իրենք յաջողած են պահպանել ապահովութիւնը, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական սուր տագնապին եւ տնտեսական դժուարութիւններուն:

Պայսարի յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն բնակիչները մնայուն կերպով կը շարունակեն այցելել Լիբանան:

«Հարցը այն է, որ Ծոցի երկիրներու քաղաքացիները տոկոսային ի՛նչ համեմատութեամբ կ՛այցելեն Լիբանան, եւ այդ մէկը ուղղակիօրէն կապուած է քաղաքական պայմաններուն եւ անոնց ունեցած հետեւանքներուն», ըսաւ Պայսարի:

Ան շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովուած է այնպէս, ինչպէս լիբանանցիներունը եւ աւելին:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պայսարի նշեց, որ այդ իմաստով կայ միջազգային հետաքրքրութիւն, որ առնչուած է հիմնական երեք ազդակներու: Անոնք են. սուրիական պետութիւնը, Լիբանանի իրավիճակն ու միջազգային կամքը: «Հետեւաբար պէտք է այս երեք ազդակներուն միջեւ քաղաքական համախոհութիւն մը գոյանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս թղթածրարին մասին լուծումներու յանգիլ», ըսաւ ան:

Պայսարի նկատել տուաւ, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, որ տեղահանուածներէն մաս մը Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ապահովական հարցեր կը դիմագրաւէ, եւ որպէսզի յանձնառու մնանք միջազգային որոշումին ու մարդասիրական չափանիշներուն, պէտք չէ զանոնք Սուրիա վերադարձնենք: «Բայց եւ այնպէս հիմնական հարցը կը կայանայ տնտեսական երեսին մէջ, որովհետեւ անիկա է, որ կ՛ազդէ երկրին տնտեսական եւ առեւտրական շարժումին վրայ, եւ անիկա կը ստեղծէ մրցակցութիւն մը, որ մեր ժողովուրդը կը մղէ հսկայ գումարներ վճարելու», յայտնեց ան:

Պայսարի շեշտեց նաեւ, որ կարելի չէ նաեւ անտեսել այն իրականութիւնը, թէ սուրիացի տեղահանուածներու թիւը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ապահովական կացութեան վրայ:

«Այս շրջագիծին մէջ յստակ է, որ գործուած ոճիրներուն համեմատութիւնը աճ արձանագրած է: Լիբանանի մէջ սկսած են նաեւ արձանագրուիլ արտառոց ոճիրներ, որոնք լիբանանեան հասարակութեան անծանօթ են եւ գոյութիւն չեն ունեցած նախապէս», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով անցագիրներու տագնապի հաւանականութեան` Պայսարի դիտել տուաւ, որ անցագիրներու տագնապ գոյութիւն չունի, այլ` անցագիրներու դիմորդներու հսկայական թիւ կայ:

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ուահապի Հետ Քննարկեց Երկրին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Թերզեանի, Շեհայէպի Եւ Մըրատի Հետ Քննարկեց Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?