Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական փլուզումի սեմին: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումին առումով իրենք կը զօրակցին սահմանադրական եւ օրինական առանցքի որդեգրումին: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան...

Հռոմի Մէջ.   «Տեղահանուածներուն Տագնապը Ուղղակի  Սպառնալիք Է Լիբանանի Գոյութեան»  Շեշտեց Միքաթի

Հռոմի Մէջ. «Տեղահանուածներուն Տագնապը Ուղղակի Սպառնալիք Է Լիբանանի Գոյութեան» Շեշտեց Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ Միջերկրական ծովուն մէջ գաղթի հարցը: Միքաթի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիին` այդ խորհրդաժողովը կազմակերպելու համար` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովը առաջին քայլն է, որ առնուած է Եւրոպական Միութեան եւ միջերկրականեան երկիրներուն միջեւ ռազմավարական հզօր գործակցութիւն հիմնելու, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ աշխատանքի համադրումը ամրապնդելու: Միքաթի...

Պու Հապիպ Շուէտացի Իր Պաշտօնակիցէն Պահանջեց  Դիմել Քայլերու` Սանձելու Համար Իսլամատեացութիւնը

Պու Հապիպ Շուէտացի Իր Պաշտօնակիցէն Պահանջեց Դիմել Քայլերու` Սանձելու Համար Իսլամատեացութիւնը

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ շուէտացի իր պաշտօնակից Թոպիաս Պիլսթրոմէն, որ ցաւ յայտնեց եւ Շուէտի կառավարութեան դատապարտումը փոխանցեց Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզումին եւ իսլամական խորհրդանիշերուն հանդէպ վարկաբեկիչ արարքներուն դէմ: Իր կարգին, Պու Հապիպ ողջունեց այս կեցուածքը եւ քաջալերեց Շուէտը դիմելու քայլերու` սանձելու համար ատելութեան արտայայտութիւններն ու հետզհետէ զարգացող իսլամատեացութիւնը: Պու Հապիպ շեշտեց,...

Տիմանի Մէջ.   «Լիբանանի Ինքնութիւնն Ու Պատգամ Երկիր Ըլլալը  Այլանդակուելու Սպառնալիքին Ենթակայ Են»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանի Ինքնութիւնն Ու Պատգամ Երկիր Ըլլալը Այլանդակուելու Սպառնալիքին Ենթակայ Են» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ինքնութիւնն ու պատգամ երկիր ըլլալը այլանդակուելու եւ քանդուելու սպառնալիքին ենթակայ են` սահմանադրութեան կառչած չմնալու, Թաէֆի համաձայնագիրը չգործադրելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ չընտրելու եւ սահմանադրական հաստատութիւնները փլուզումի ենթարկելու պատճառով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի համար Տոհայի մէջ գումարուած հնգակողմանի հանդիպումին` նշելով, որ այդ երկիրները...

Ապպաս Իպրահիմ. «Ազգային Երկեակի Միջավայրէն  Դուրս Պիտի Չգամ, Որովհետեւ Անիկա Է  Պատկանելիութիւնս, Սակայն Անկախ Պիտի Մնամ»

Ապպաս Իպրահիմ. «Ազգային Երկեակի Միջավայրէն Դուրս Պիտի Չգամ, Որովհետեւ Անիկա Է Պատկանելիութիւնս, Սակայն Անկախ Պիտի Մնամ»

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ, եւ քննարկած հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս Ղաժարի մէջ լարուած վրաններուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հանրային կապերու նախագահ զօր. Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ իրենց համար ներկայիս առաջնահերթութիւն է երեխաներու թղթածրարին հետապնդումը` աւելցնելով, որ երեխայի մը դէմ գործուած բռնութեան մասին կարելի է բողոք ներկայացնել խնդրոյ առարկային գտնուած ամէնէն մօտիկ ոստիկանատան, կամ հեռաձայնել 1745 թէժ...

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով  Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու  Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Շուէտի Մէջ Քորանի Հրկիզումը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ համակեցութեան երկիր Լիբանանն ու ազգային համերաշխութեան ու գոյակցութեան հաւատացող լիբանանցիները կը դատապարտեն Շուէտի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով Քորանը հրկիզելու արտօնութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզումը իսլամներուն զգացումներն ու արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շուէտական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ...

«Պէյրութը Արաբ Երիտասարդներու Մայրաքաղաք-2023»-ի  Հանդիսութիւններու Մեկնարկը Կատարուեցաւ

«Պէյրութը Արաբ Երիտասարդներու Մայրաքաղաք-2023»-ի Հանդիսութիւններու Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` հովանաւորութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, երէկ մեկնարկը կատարեց «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք-2023»-ի հանդիսութիւններուն, որոնք կը տեւեն մինչեւ տարեվերջ: «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք 2023»-ի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան 16 երկիրներ ներկայացնող 700 երիտասարդներ: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ Պէյրութ ուրախ է, որ արաբական տարբեր երկիրներէ հարիւրաւոր երիտասարդներ կը հիւրընկալէ: «Այս հանդիպումը բազմաթիւ իմաստներ կը բովանդակէ, եւ...

Կութիերեսի Տեղեկագիրը Թիւ 1701 Բանաձեւին Մասին.  «Երկու Կողմերը Իրենց Յանձնառութիւնը Չեն Կատարած,  Եւ Մնայուն Զինադուլի Իմաստով  Ոչ Մէկ Զարգացում Արձանագրուած Է»

Կութիերեսի Տեղեկագիրը Թիւ 1701 Բանաձեւին Մասին. «Երկու Կողմերը Իրենց Յանձնառութիւնը Չեն Կատարած, Եւ Մնայուն Զինադուլի Իմաստով Ոչ Մէկ Զարգացում Արձանագրուած Է»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հրապարակեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ, որ երկու կողմերը իրենց յանձնառութիւնը չեն կատարած, եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ մնայուն զինադուլի իմաստով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է: Կութիերեսի տեղեկագիրը հիմնուած էր  թիւ 1701 բանաձեւին մասին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի ներկայացուցած տեղեկագիրին վրայ, որ կը...

Պու Հապիպ Ժահժահի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Արտաքին Հարցերը

Պու Հապիպ Ժահժահի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Արտաքին Հարցերը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած արտաքին հարցերը եւ անոնց մասին քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքական ուժերուն տեսակէտները, յատկապէս տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն վերաբերող հարցերը: Պու Հապիպ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել արժանապատիւ եւ ապահով կերպով:...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յունիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 7,21 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 7,21 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի մայիս ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 15,15 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 4,33 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,30 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 25.000 լ. ոսկիով, մազութը` 20.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնաց անփոփոխ: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.679.000...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ.  «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի  Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու  Ժընեւի Համաձայնագիրին»

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու Ժընեւի Համաձայնագիրին»

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ այլ երեսփոխաններուն, երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը: Ասուլիսին ընթացքին Ալամէ թուեց յանձնախումբին կողմէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող յանձնարարականները: Ալամէ նշեց, որ յանձնախումբը մեծ զարմանքով ստացած է Եւրոպական խորհրդարանին տուած որոշումը`...

Պու Հապիպ Պորելին Յղեց Եւրոպական  Խորհրդարանին Որոշումը Դատապարտող Նամակ Մը

Պու Հապիպ Պորելին Յղեց Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Դատապարտող Նամակ Մը

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Եւրոպական Միութեան փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովական քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելին յղեց նամակ մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Եւրոպական խորհրդարանին տուած 12 յուլիս 2023-ի որոշումը, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն եւ այլ հարցերու: Իր նամակին մէջ Պու Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ շինիչ եւ ընդարձակ երկխօսութեան մը սկսիլը`...

Խորհրդարանին Մէջ.   Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները  Ներկայացուցին Ելեւմտական Ծրագիր Մը

Խորհրդարանին Մէջ. Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Ներկայացուցին Ելեւմտական Ծրագիր Մը

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամին եւ Կեդրոնական դրամատան չորս փոխկառավարիչները: Աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած ժողովէն ետք Ատուան յայտնեց, որ քանի մը օր ետք սերտած պիտի ըլլայ ելեւմտական թղթածարը եւ պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ամէն բան պիտի յստակացնէ:...

«Պիպլոս»-ի Հազմիէի Մասնաճիւղը  Ներխուժումի Ենթարկուեցաւ

«Պիպլոս»-ի Հազմիէի Մասնաճիւղը Ներխուժումի Ենթարկուեցաւ

Հազմիէի «Պիպլոս» դրամատան մասնաճիւղը երէկ ներխուժումի մը ենթարկուեցաւ Ուասիմ Հաթում եւ Աշրաֆ Սալհա անունով լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ: Հաթում եւ Սալհա այդ դրամատան մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներ են. առաջինը իր հաշիւին մէջ ունի 5400 տոլարի գումար մը, իսկ երկրորդը` 23.200 տոլարի գումար մը: «Լիբանանի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու ճիչ» կոչուող միութիւնը թուիթըրեան իր էջով տեղեկացուց, թէ «Պիպլոս» դրամատան դէմ հաւաքական...

Սլիմ. «Բանակը Կազմ Ու Պատրաստ Է Հարաւային  Լիբանանի Ապահովութիւնն Ու Անդորրը Պահպանելու»

Սլիմ. «Բանակը Կազմ Ու Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Ապահովութիւնն Ու Անդորրը Պահպանելու»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թարսիզիօ Քոսթան, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Էմերսոն Աֆոնսօ տը Ազեւետօ Քոսթա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Դեսպան Քոսթա դրուատեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ ստորագրուած` պաշտպանութեան մարզին վերաբերող համաձայնագիրը, որուն շնորհիւ լիբանանեան եւ պրազիլեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի` ռազմական փորձերուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պու Ֆաուր հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան, «սակայն ցաւ ի սիրտ կը զգան, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը հակակշիռէ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 20 յուլիս 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 21 յուլիս 2023-ին:

Տոհայի Նիստին Քննարկուած Են Նախագահական  Ընտրութիւնը Խոչընդոտողներուն Դէմ Միջոցառումներ

Տոհայի Նիստին Քննարկուած Են Նախագահական Ընտրութիւնը Խոչընդոտողներուն Դէմ Միջոցառումներ

Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու նպատակով նախանցեալ օր Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ հնգակողմանի երկրորդ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները: Քաթարի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին...

Page 258 of 987 1 … 257 258 259 … 987

Արխիւներ