Իսրայէլեան ուժեր շաբաթ օր Քֆարշուպայի Պասթրա շրջանին մէջ յարձակում մը գործեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի եւ անոր ընկերակցող լրագրողներու խմբակի մը վրայ:
Իսրայէլեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակեցին Հաշեմի եւ լրագրողներուն ուղղութեամբ` զանոնք շնչահեղձ դարձնելով:
Լրագրողները միջազգային հասարակութենէն պահանջեցին վերջ տալ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Հաշեմ նկատել տուաւ, որ իրենց դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքը բնական է, որովհետեւ անիկա ցոյց կու տայ թշնամիին վայրագ էութիւնը:
Նշենք, որ Քասեմ Հաշեմի դէմ իսրայէլեան բռնարարքը դատապարտուեցաւ մեծ թիւով լիբանանեան անձնաւորութիւններու, հոգեւոր պետերու եւ իշխանութեան պետերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պատասխանատուներ այցելեցին Հաշեմի բնակարանը` զօրակցութիւն յայտնելով անոր:
Այս միջադէպին լոյսին տակ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողքին տեղակայուեցաւ սահմանային շրջանին վրայ` հակակշռելու համար կացութիւնը եւ երաշխաւորելու համար շրջանին կայունութիւնը:
Պայսարի Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ–ի
Ուժերու Կեդրոնատեղի
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի շաբաթավերջին այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ սահմանագիծի եւ հարաւի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու նպատակով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կատարած առաքելութեան մանրամասնութիւնները, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան գծով:
Պայսարի հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ հրամանատարութեան տրամադրած մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ մնայուն գործակցութիւնը:
Պայսարի այցելեց նաեւ Նաքուրայի Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի սահմանամերձ շրջանի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ ոստիկաններուն հետ` դրուատելով կեդրոնին աշխատանքներն ու զինուորականներուն դերակատարութիւնը:


