Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հոլանտացի իր պաշտօնակից Քայսա Օլոնկրենէն:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Օլոնկրեն ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական մագլցումները մեղմացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը կ՛ուղղուի որդեգրելու երկու պետութիւններու լուծումը` ապագային:
Սլիմ հաստատեց, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը անկարելի է իրականացնել առանց արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ առանց միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան հանդէպ յանձնառութեան ցուցաբերումին:
Սլիմ Օլոնկրենի հետ քննարկեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Սլիմ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան, յատկապէս շրջանին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին:
Սլիմ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու համադրումը, ինչպէս նաեւ տասնամեակներու ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները:
Սլիմ եւ Օլոնկրեն քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զոյգ բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


