Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը օրինագիծեր:
Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան «Աման» ցանցի ֆինանսաւորումին համար վաւերացուած է 300 միլիոն տոլարի գումար մը:
Ան նշեց, որ այդ օրինագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարանի հինգշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին:
Պու Սաապ նշեց, որ նիստին ընթացքին վաւերացուած է նաեւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու իրաւունքներուն վերաբերող օրինագիծը, որ դարձեալ պիտի քննարկուի հինգշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ օրէնսդրական նիստին առումով լարուած թակարդներ չկան, եւ աւելցուց, որ իր խորհուրդն է ուղղուիլ բանակի նոր հրամանատար մը նշանակելու:


