Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ամէն Տեսակի Փտածութիւն, Անիրաւութիւն Եւ Բռնագրաւում Իր Վերջը Ունի»

December 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին Պաթրունի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան երիտասարդական թեւին հետ:

Փտածութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան առիթով Պասիլ ընդգծեց անպատիժ մնալու եւ փտածութեան դէմ պայքար մղելու յանձնառութեան եւ հաւատքին կարեւորութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ամէն տեսակի փտածութիւն, անիրաւութիւն եւ բռնագրաւում իր վերջը ունի, այնպէս ինչպէս էր Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Ռիատ Սալամէի պարագան, եւ պիտի ըլլայ լիբանանցի այլ փտածներու պարագային: «Մենք հպարտ ենք, որ երբեմն առանձին կը մնանք, բայց եւ այնպէս անշեղ կը մնանք անիրաւութեան դէմ պայքարելու մեր սկզբունքէն», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ իրաւունքին կողքին կանգնողը` նոյնիսկ եթէ ան միակն է, ղեկավարի լաւագոյն օրինակով կը ներկայանայ իր շրջանակին եւ յատկապէս երիտասարդութեան: «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իրաւունքին համար պայքարիլ եւ պիտի զօրակցի իրաւատիրոջ` նոյնիսկ եթէ ան առանձին ըլլայ իր մղած պայքարին մէջ: Այս կեցուածքով Ազգային ազատ հոսանքը ուսանելի օրինակ պիտի տայ բոլոր այն անհատներուն, հասարակութիւններուն եւ նոյնիսկ երկիրներուն, որոնք մարդկային իրաւունքի, ժողովրդավարութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի քարոզներ կը կարդան` միաժամանակ պահանջելով խախտել օրէնքն ու սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ աւելցուց, որ ներքին լիբանանեան առումով ինք կը հաստատէ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի մնայ իրաւունքին զօրակցողը, պիտի շարունակէ իրաւունքի պետութիւնը կերտելու պայքարը` նոյնիսկ եթէ ան ստիպուի աշխարհին դէմ պայքարիլ: «Ազգային ազատ հոսանքը հպարտ է, որովհետեւ դժուար ճակատամարտերուն մէջ առանձին պայքարած է, եւ առանձին ալ յաղթական դուրս պիտի գայ այդ պայքարէն», եզրափակեց Պասիլ:

Նշենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի նոյն առիթով Սարպայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քեսրուան Ֆթուհի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պուսթանի հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը պէտք է շարունակուի եւ յանգի հաշուետուութեան` աւելցնելով, որ անոր զուգահեռ պէտք է մշակուին եւ գործադրուին լիբանանեան պաշարները պաշտպանող օրէնքները:

Պուսթանի ընդգծեց, որ այն Լիբանանը, որ իրենք կը փափաքին կերտել, եւ որուն կը ձգտի լիբանանցի երիտասարդը, կարելի է հիմնել ամէն տեսակի փտածութեան դէմ համագործակցելով:

 

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Աւարտեց Միացեալ Նահանգներ Իր Կատարած Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Միքաթիի, Ալամէի Եւ Զօր. Աունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.