Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն հետ միասնաբար կը բարձրացնէ իր ձայնը` մերժելու պատերազմը, որ կը քանդէ բնակարաններն ու կը սպաննէ երեխաները, ինչպէս նաեւ կը տեղահանէ բնակիչները: Ան շեշտեց, որ քաջութիւնը խաղաղութիւն կերտելուն մէջ կը կայանայ: Միւս կողմէ, ան Լիբանանի խորհրդարանը դատապարտեց սահմանադրութեան թիւ 49 յօդուածին դէմ ոտնձգութիւն կատարելու յանցանքով, այլ խօսքով` դիտմամբ հանրապետութեան նախագահ չընտրելու, սահմանադրական հաստատութիւնները քայքայելու, քաոս ստեղծելու, ժողովուրդը աղքատացնելու, լիբանանցին արտագաղթի մղելու, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապները բարդացնելու յանցանքով:

ԻՍԼԱՄ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երկրին ապահովական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուելիք դատարակութենէն խուսափելու:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու` փրկելու համար սահմանադրական հաստատութիւնները եւ պահպանելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան քարոզին մէջ խստիւ դատապարտեց կառավարութեան կողմէ լիբանանցիներուն վրայ նոր տուրքեր պարտադրելու միտումը եւ վերստին կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պնդումին, ըսաւ. «Մենք կը յարգենք Ռայի պատրիարքին կարծիքը, սակայն նաեւ կը հաւատանք, որ ան պէտք է ըլլայ օրէնքներու գործադրութեան հրաւիրող ռահվիրան»:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միջազգային տեղեկագիրները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը 2011-էն ի վեր 100 միլիառ տոլարի հասած է` աւելցնելով, որ տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն օժանդակող երկիրները խորքին մէջ ոչինչով կ՛օժանդակեն, իսկ լիբանանեան պետութիւնը տեղահանուածներէն ոչինչ կը գանձէ: Ան շեշտեց, որ ամսական դրութեամբ հազար սուրիացի մուտք կը գործէ Սուրիա եւ կը վերադառնայ` աւելցնելով, որ անոնք տնտեսական տեղահանուածներ են եւ անոնց կեանքին ու անվտանգութեան ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ: Պու Հապիպ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով նոր երկխօսութեան մը սկսելու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի Չինաստանի մէջ ստորագրեց փոխգործակցութեան համաձայնագիր մը` Չինաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի պետական կայաններուն եւ Լիբանանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

ԱՐՏԵՐԿՐԻ լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի, որուն յանձնեց նամակ մը` ստորագրուած լիբանանեան-ֆրանսական համագործակցութեան յանձնախումբին մաս կազմող եօթը անդամներուն կողմէ: Արտերկրի լիբանանցիները պահանջեցին Լիբանանը զերծ կացուցել Կազայի պատերազմէն, ինչպէս նաեւ գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի փոփոխութեան ամէն տարբերակ մերժելի է իրենց համար: Միւս կողմէ, Քարամէ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հարցը կարելի է լուծել կա՛մ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով եւ կա՛մ բանակի նոր հրամանատար մը նշանակելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլն է, որ կը թերանայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանանի իրաւունքն է պահել իր ուժի ու զօրութեան աղբիւրները` ապահովելու համար իր գոյատեւումը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ տակաւին համախմբումը յստակ որոշում չէ կայացուցած օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան իմաստով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ ինք ոչ միայն համաձայն է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, այլ նաեւ` զայն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, որովհետեւ ան միակն է, որուն շուրջ լիբանանցիները կրնան համախոհութիւն գոյացնել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել փափաքող իւրաքանչիւր լիբանանցի ղեկավար կ՛ուզէ հակառակիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ Հըզպալլա իսկական պատերազմի մէջ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան մայրն է` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն իր «մայրութիւնը» կը կատարէ Պաղեստինեան հողերուն վրայ ընթացող ճակատամարտերը ծրագրելով եւ անոնց հսկելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի, հանդիպելէ ետք երեսփոխաններ Էլիաս Ժրատէի, Հալիմա Քաաքուրի, Սաժիհ Աթիէի եւ Շարպել Մասաատի հետ, յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէջ դատարկութիւն ստեղծելը խիստ մերժելի է: Ան հաստատեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին հարցը լիբանանեան չէ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ճակատամարտերն ու յաղթանակները զոհողութիւններու տարողութեամբ չեն չափուիր, այլ` իրագործուած նուաճումներով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը կը բացայայտէ միջազգային բանաձեւերը` ներառեալ թիւ 1701 բանաձեւը չգործադրելու Իսրայէլի միտումը:

ՇԷՅԽ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը հայրենիքին երաշխիքն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան պաշտպանը, որ բախտախաղով չէ տարուած, այլ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար բանակի հրամանատարութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութեան յաղթական ուղիի վրայ կը գտնուի` ընդգծելով, որ ան կրնայ իսրայէլեան ռազմավարական բոլոր դիրքերուն հասնիլ:

 

Նախորդը

Ապպաս Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգները

Յաջորդը

Պու Ֆաուր. «Ուալիտ Եւ Թէյմուր Ժոմպլաթներու Առած Քաղաքական Քայլերուն Նպատակն Է Ներքին Լիբանանեան Առումով Նուազագոյն Համախոհութիւնը Գոյացնել»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?