Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.529.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.569.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.521.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 939.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Համասի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Համասի ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտել Հատիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ապտել Հատի միւֆթի Տըրիանին յայտնեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղի յառաջապահներ» շարժումը զինուորական գործունէութիւն չի ծաւալեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Աշրաֆ Պայտուն յայտնեց, որ բանակին պահպանումը` անոր հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով, կը մնայ առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սայիտ Ասմար յայտնեց, որ պետութիւնը կարելի է կառուցել անոր բանակին, ժողովուրդին եւ հզօր տնտեսութեան միջոցով եւ ոչ թէ ապօրինի կերպով գործող զինեալ միլիսով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մերժէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով, որ կան լուծումներ, որոնց որդեգրումը օրինազանցութիւն կամ իրաւասութեան շրջանցում չէ: Ան նշեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պարտադրելը ի շահ բանակին չի կրնար ըլլալ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նպատակով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ ռազմադաշտը կ՛որոշէ, թէ ո՛վ է յաղթականը, ինչքան սպանդներ որ ալ գործէ թշնամին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուատտահ Սատեք շեշտեց, որ իրենք լրջօրէն կը սերտեն խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ներկայ գտնուելու կարելիութիւնը` նկատի ունենալով, որ իրենք լիբանանցիներուն շահերը ամէն բանէ վեր կը դասեն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ այս պայմաններուն մէջ ապահովական կառոյցներուն մէջ ստեղծուած բացը մերժելի է, որովհետեւ երկիրը թշնամիին հետ պատերազմի մէջ կը գտնուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ Հըզպալլան կրակ բացած է Իսրայէլի դէմ` աւելցնելով, որ հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերու պարպումը Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆիրաս Համտան նշեց, որ երբ Լիբանանի դէմ պատերազմ բռնկի, ապա լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է պաշտպանել իրենց սահմաններն ու հողերը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները հատուցելը Հըզպալլայի պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ լիբանանեան պետութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն բաժանումի որեւէ ծրագիր` աւելցնելով, որ կ՛ակնկալեն Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ նոր ռազմաճակատի բռնկեցում:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ ոմանք կ՛ուզեն Հըզպալլան պատասխանատու նկատել պատերազմի օղակին ընդարձակման` անկախ այդ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութեան տարողութենէն: Ան հաստատեց, որ Կազայի մէջ գործուողը ցեղասպանութիւն է եւ ցեղային զտում` բարոյական կամ մարդկային առանց որեւէ արգելքի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանը, պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը եւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական մագլցումները:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Պաղեստինեան Իշխանութեան Հետ Պատերազմի Հաւանականութեան Կը Պատրաստուինք»

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Խաղաղութեան Եւ Միջազգային Օրէնքին, Որոնք Կը Ծառայեն Իբրեւ Օրինական Նեցուկ` Զայն Պաշտպանելու Իսրայէլեան Ախորժակներէն»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.