Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի դիւանը որոշեց խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգը կ՛ընդգրկէ երեսփոխանական յանձնախումբերուն կողմէ մշակուած 16 օրինագիծեր:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք անձամբ կը նախընտրէ բանակի նոր հրամանատար նշանակել եւ ոչ թէ ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը կրնայ լուծում մը ունենալ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով: «Ամէն պարագայի, պէտք է ի մտի ունենալ այն վիճարկումները, որոնք կրնան արձանագրուիլ` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք: Կը յուսանք, որ կառավարութիւնը այս իմաստով օրինական լուծումի մը յանգի», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ֆատի Մասրին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի նորընտիր վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Պըրրի ընդգծեց, որ պատմութեան ընթացքին Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր փուլերը այսքան վտանգաւոր չեն եղած, որքան ներկայիս, երբ հանրապետութեան նախագահ չկայ, տնտեսական տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ, սուրիացի տեղահանուածներու խնդիր գոյութիւն ունի, իսկ այս բոլորին կ՛աւելնան իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն հարաւային Լիբանանի բնակիչները, լրագրողները, դպրոցներն ու բնակարանները:
«Այս պայմաններուն լոյսին տակ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է ստանձնէ իր ազգային պատասխանատուութիւնը եւ պէտք է արագացնէ հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը` իբրեւ հիմնական ու առանցքային մուտք` սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորելու», ըսաւ ան:
Նշենք, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան նոր նախաձեռնութիւն մը չկայ ներկայիս` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:
Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արգիլելու համար Կազայի պատերազմին ընդարձակումը եւ Լիբանանի ներքաշուիլը այդ պատերազմին մէջ:


