Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի...

Տօնական Օրերու Սեմին Ապահովութիւնն Ու Կենցաղային Ապրուստի Տարրական Կարիքները Լիբանանցիներու Կաղանդչէքի Հիմնական Ակնկալիքներն Են

Տօնական Օրերու Սեմին Ապահովութիւնն Ու Կենցաղային Ապրուստի Տարրական Կարիքները Լիբանանցիներու Կաղանդչէքի Հիմնական Ակնկալիքներն Են

Լիբանանցիք կը գտնուին տօնական աւանդական մթնոլորտի սեմին, ուր իւրաքանչիւր անհատ վերանորոգ յոյսեր կը տածէ նոր եռանդով  ու վճռականութեամբ նորանոր  յաջողութիւններ իրագործելու: Սակայն այս տարի նման յոյսեր կրնան չծաղկիլ: Փաստօրէն լիբանանցիներու մեծ մասը իրազեկ է երկրին մէջ եւ շուրջ տիրող իրավիճակին եւ գրեթէ համոզուած է, թէ ընկղմելու վտանգին տակ գտնուող նման պայմաններու մէջ յոյս չկայ փափաքներ իրագործելու եւ ինքզինք կատարելագործելու: Խորքին...

Շրջանային Քաղաքական Թէ Ապահովական  Զարգացումներու Լոյսին Տակ.  Առանցքային Ճիգեր ու Շփումներ` Ներքին Ճակատի  Կայունութեան Ամրապնդման Գծով

Շրջանային Քաղաքական Թէ Ապահովական Զարգացումներու Լոյսին Տակ. Առանցքային Ճիգեր ու Շփումներ` Ներքին Ճակատի Կայունութեան Ամրապնդման Գծով

Աւելի քան երկու ամիսներէ ի վեր Միջին Արեւելքի շրջանին, յատկապէս` Կազայի մէջ շարունակուող բախումներու լոյսին տակ, լիբանանեան տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմեր ճիգ չեն խնայեր բախումներու դադրեցման, որ կրնայ դրական ենթահող պատրաստել նոր փոխանակումի մը` պաղեստինցի արգելափակեալներու եւ իսրայէլացի պատանդներու միջեւ: Սակայն գետնի վրայ կացութիւնը այնքան ալ վարդագոյն չէ: Աւելի՛ն, բախումները օրըստօրէ յաւելեալ զոհեր կը խլեն ու նիւթական հսկայական կորուստ...

Լիբանան Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց Քուէյթի Իշխանին Մահուան Առիթով

Լիբանան Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց Քուէյթի Իշխանին Մահուան Առիթով

Քուէյթի նոր իշխանը` Միշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահ Քուէյթի 86-ամեայ իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սուպահ մահացաւ շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2023-ին: Անոր թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` կիրակի առաւօտուն, բարեկամներու եւ ընտանեկան սեղմ շրջանակի մէջ: Այս առիթով Քուէյթ քառասնօրեայ պաշտօնական սուգ յայտարարեց եւ հանգուցեալին յաջորդ նշանակեց անոր 83-ամեայ (խորթ) եղբայրը` Միշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահը: Լիբանանցի պատասխանատուներ ցաւակցական հեռագիրներով թէ հաղորդակցութիւններով իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին...

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Օրինագիծին

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Օրինագիծին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներու: Օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը շարունակեց պոյքոթի ենթարկել Հզօր Լիբանան համախմբումը: Նիստը սկսաւ քննարկելով շարք մը օրինագիծեր: Անոնց քննարկումը օր մը առաջ կարելի չէր եղած: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանը վաւերացուց ոչ բնակելի վայրերու վարձքերու օրինագիծը, կիներու եւ անոնց...

Կառավարութեան Նիստը Չգումարուեցաւ` Օրինաթիւի  Չգոյութեան Պատճառով. Յաջորդ Նիստը` Երեքշաբթի Օր

Կառավարութեան Նիստը Չգումարուեցաւ` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով. Յաջորդ Նիստը` Երեքշաբթի Օր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ հրաւիրուած կառավարութեան երէկուան նիստը չկայացաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Այս շրջագիծին մէջ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին: Միւս կողմէ, նիստին մասնակցելու նպատակով վարչապետարան հասած նախարարի պաշտօնակատարները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Միքաթիի հետ: Նշենք նաեւ, որ հանգստեան կոչուած...

Իսրայէլ Թռուցիկներով Կը Փորձէ Հարաւի  Բնակչութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Լարել

Իսրայէլ Թռուցիկներով Կը Փորձէ Հարաւի Բնակչութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Լարել

Հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Քֆարշուպայի բնակիչները երէկ իրենց օրը սկսան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ թափուած թռուցիկներով, որոնց բովանդակութիւնը Հըզպալլայի դէմ կը հրահրէ շրջանի բնակչութիւնը: Իսրայէլեան ուժերը երէկ հրետակոծեցին եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեցին Համամեսի բարձունքը, Եարին, Հուլա, Պլիտա, Մհայպիպ, Այթարուն, Նաքուրա, Ալմա Շաապ, Տըպըլ, Հանին, Ժըպպայն, Տհայրա, Քֆարշուպա, Ռաշայա, Քֆարհամամ եւ Այթա Շաապ շրջանները` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:...

Զօր. Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց  Նահատակ Զինուորի Ընտանիքին

Զօր. Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Նահատակ Զինուորի Ընտանիքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Պաալպեքի Շամսթար գիւղաքաղաքը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Ատայսէի մէջ նահատակուած լիբանանցի զինուոր տասնապետ Ապտել Քերիմ Մըքտատի ընտանիքին: Զօր. Աուն շեշտեց, որ Ապտել Քերիմ Մըքտատ բանակին նահատակն է` ընդգծելով, որ բանակը իր նահատակները չի մոռնար եւ անոնց ընտանիքներուն տէր կը կանգնի: «Հայրենիքին համար կեանքը նուիրելը գերագոյն զոհաբերութիւն է», ըսաւ ան: Միւս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 24.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 25.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 23.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Շարք Մը  Օրէնքներու Եւ Յետաձգեց Քեփիթըլ  Քոնթրոլի Օրինագիծին Վաւերացումը

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Շարք Մը Օրէնքներու Եւ Յետաձգեց Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծին Վաւերացումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Լիբանանի եւ Պաղեստինի նահատակներուն յիշատակը: Օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց Հզօր Լիբանան համախմբումը: Նշենք, որ փոփոխութեան եւ շարք մը այլ երեսփոխաններ իրենց կարգին չմասնակցեցան նիստին` զայն նկատելով հակասահմանադրական: Անոնք կոչ ուղղեցին, որ խորհրդարանը անմիջապէս ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը: Նիստին...

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Մզկիթ Մը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Մզկիթ Մը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ կացութիւնը կը մնայ լարուած` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ: Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Թիպէ գիւղաքաղաքը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուեցաւ ելեկտրականութեան բարձր լարման ցանցը` պատճառ դառնալով, որ ելեկտրական հոսանքը անջատուի: Թշնամի Իսրայէլի բանակը գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Թէյր Հարֆա, Մէյս Էլ Ժապալ, Հուլա, Խիամ, Պլիտա, Լապպունէ, Նաքուրա, Ժապալ Պաթ, Այթարուն, Մարուն Ռաս, Շիհին, Մըրուահին, Այթա Շաապ, Ալմա Շաապ,  Մհայպիպ,...

Մ. Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Քանատա Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան

Մ. Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Քանատա Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց երկրին ցամաքային սահմանները պաշտպանելու օժանդակութեան ծրագիրին հսկող խորհուրդի նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել եւ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլըմ: Դեսպանները բարձր գնահատեցին լիբանանեան բանակին ի գործ դրած ճիգերը` սահմանային հսկողութեան, ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց 27/2023 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան օրերու պետական արձակուրդներուն: Հրամանագիրին համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2023-ին, Նոր տարուան առիթով` երկուշաբթի, 1 յունուար...

Բանակի Հրամանատարին  Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Երկարաձգուի՞

Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Երկարաձգուի՞

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը առաջնահերթութեան իր դիրքը զիջած է լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին վրայ ստեղծուելիք հաւանական դատարկութիւնը կանխարգիլելու ճիգերուն: Այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուող ջանքերը ընդհանրապէս պղտոր եւ մշուշոտ մթնոլորտի մէջ կը կատարուին, սակայն ինչ որ կատարեալ յստակութեամբ կը պարզուի հանրութեան դիմաց հիմնական երկու կեցուածքներու միջեւ կռիւն է, որ կը մղուի լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն միջեւ: Այդ կեցուածքներուն առաջինը կ՛ընդգծէ բանակի հրամանատար...

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ըստ սովորութեան լիբանանահայ ռազմագերի Վիգէն Էօլճեքեանը ազատ արձակելու Ազրպէյճանի միտումը բարի չէր, հակառակ տրուած խոստումներուն, թէ ան ազատ արձակուելիք 32 հայ ռազմագերիներուն շարքին պիտի ըլլայ: Հակառակ Միջազգային Կարմիր խաչին հաստատումներուն, Ազրպէյճան դրժեց իր «խոստում»-ը` Վիգէնը պահելով ազրպէյճանական իր արգելարաններուն մէջ: Այս հարցով...

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ  Օրէնսդրական Նիստ Մը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները` հարաւային սահմանագիծին վրայ տիրող կացութեան առընթեր: Քննարկուեցան նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր եւ այդ մասին տրուեցան համապատասխան որոշումներ:...

Գաղթականներու Համաշխարհային Ֆորում.  Միքաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բաժնեկցելու Լիբանանի Մէջ  Սուրիացի Տեղահանուածներու  Թղթածրարի Լուծման Մարտահրաւէրը»

Գաղթականներու Համաշխարհային Ֆորում. Միքաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բաժնեկցելու Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարի Լուծման Մարտահրաւէրը»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վաղը` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ ընթացիկ կառավարութեան նիստին: Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ մասնակցեցաւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Գաղթականներու համաշխարհային ֆորումին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը: Միքաթի կոչ ուղղեց բաժնեկցելու Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի լուծման մարտահրաւէրը` հաստատելով, որ արդէն իսկ ընկերային եւ տնտեսական տագնապներու բեռին տակ կքած Լիբանանը դէպի...

Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլեան Բանակին Միջեւ  Բախումները Կը Շարունակուին

Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլեան Բանակին Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Լիբանանի հետ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են` հարաւային սահմանագիծի ապահովական մագլցումները դադրեցնելու առումով դիւանագիտական լուծման մը յանգելու նպատակով, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումներն ու փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին: Այս շրջագիծին մէջ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը յորդորած են Հըզպալլայի դէմ ընդարձակ յարձակում չշղթայազերծել: Միւս...

Ժընեւի Մէջ.   Պու Հապիպ – Ապտոլլահեան Հանդիպում

Ժընեւի Մէջ. Պու Հապիպ – Ապտոլլահեան Հանդիպում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց մասին Ապտոլլահեան ըսաւ, որ լիբանանեան-իրանեան հետեւողական խորհրդակցութիւնները` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք երկկողմանի թէ շրջանային, շինիչ են: Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Լիբանան եւ Իրան մէկ ամրոցի մէջ կը գտնուին` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Խաթիպ հաստատեց, որ Դիմադրութեան այլընտրանքը երկրին գերիշխանութիւնը պահպանող հզօր պետութիւնն է: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի...

Page 230 of 987 1 … 229 230 231 … 987

Արխիւներ