Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Աւարտեց Միացեալ Նահանգներ Իր Կատարած Այցելութիւնը

December 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ աւարտեց Միացեալ Նահանգներ իր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը` մասնակցելով երկու համագումարներու, որոնք կազմակերպուեցան «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեանց Ուաշինկթընի հիմնարկ»-ին, ինչպէս նաեւ «Ամերիկեան աշխատանքային խմբաւորում` ի խնդիր Լիբանանի» միութեան կողմէ:

Համագումարներուն ընթացքին Սամի Ժեմայէլ անդրադարձաւ այն վտանգներուն եւ հետեւանքներուն, որ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմը կրնայ ունենալ` Լիբանանի վրայ, նկատի ունենալով երկրին մէջ պետութեան փլուզման ընթացքը, պետական հաստատութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան արգելակումը:

«Ամերիկեան աշխատանքային խմբաւորում` ի խնդիր Լիբանանի» միութեան կազմակերպած համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանան վտանգաւոր վիճակի մէջ է, որովհետեւ ան կը գտնուի Հըզպալլայի իշխանութեան տակ` աւելցնելով, որ Հըզպալլան իւրացուցած է երկրին պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը, կ՛արգիլէ միջազգային բանաձեւերու, յատկապէս` թիւ 425 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ արգելք կը հանդիսանայ երկրին բոլոր սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակին տեղակայումին:

Ժեմայէլ խստիւ քննադատեց Լիբանանի մէջ Համաս շարժումին կողմէ լիբանանցի երիտասարդները զինուորագրելու կոչը եւ ըսաւ. «Այս միլիսին կատարածը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոտնձգութիւնն է, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դէմ հիմնական մարտահրաւէր»:

Ան ընդգծեց նման մարտահրաւէրներուն Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն օժանդակութեամբ դիմադրելու կարեւորութիւնը:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանանը իր տեղքայլի օղակէն դուրս բերելու միակ ձեւը երկրին իշխանութեան վերականգնումն է` սահմանադրական հաստատութիւններուն եւ զինուորական հաստատութեան ամրապնդումին ընդմէջէն, որպէսզի այդ հաստատութիւնները իրենց ամբողջական դերակատարութիւնը ունենան լիբանանցիները պաշտպանելու առումով:

Ժեմայէլ անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ընդդիմութեան առած քայլերուն, որպէսզի Հըզպալլա չշարունակէ Լիբանանը ենթակայ դարձնել իր հովանաւոր Իրանի ծրագիրներուն:

Ժեմայէլ ներկայ գտնուեցաւ Քաղաքականութիւններու լիբանանեան-ամերիկեան հիմնարկին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ժեմայէլ ընդգծեց Լիբանանը շրջանային բոլոր տագնապներէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը` արգիլելու համար պատերազմի օղակին ընդարձակումը եւ անոր մէջ Լիբանանի ներքաշումը:

Նախորդը

Պու Ֆաուր. «Ուալիտ Եւ Թէյմուր Ժոմպլաթներու Առած Քաղաքական Քայլերուն Նպատակն Է Ներքին Լիբանանեան Առումով Նուազագոյն Համախոհութիւնը Գոյացնել»

Յաջորդը

Պասիլ. «Ամէն Տեսակի Փտածութիւն, Անիրաւութիւն Եւ Բռնագրաւում Իր Վերջը Ունի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.