Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլինիի, ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարութեան մէջ միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալիս Ռուֆոյի, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Մոնտոլինի յայտնեց, որ իրենք շրջան կ՛այցելեն Ֆրանսայի կառավարութեան յանձնարարականով եւ կոչ կ՛ուղղեն Լիբանանին որդեգրելու այն հիմնական կէտերը, որոնց շնորհիւ կարելի է ամրապնդել հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովութեան եւ հարաւային Լիբանանի անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ Մոնտոլինի արտայայտեց Ֆրանսայի մտահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:
Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ֆրանսական պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ այդ բանաձեւը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի դիւանագիտական միջոցներով լուծման յանգելու:
Իր կարգին, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւնը, որուն միացաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Կրիկորի Մետինան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակը:
Պատուիրակութեան անդամները ընդգծեցին լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական իշխանութիւններուն, որոնք մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնին լիբանանեան բանակին եւ կ՛օժանդակեն անոր:


