Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուիլիըմ Թոք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 20.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 17.000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.541.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.580.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.529.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 936.000 լ. ոսկի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան դպրոցական պաշտօնական արձակուրդը ճշդեց: Արձակուրդը կը սկսի ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ին եւ կ՛երկարի մինչեւ կիրակի, 7 յունուար 2024:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ փոխադրութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Համիէ յայտնեց, որ յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ Իտալիա շաբաթական դրութեամբ պիտի իրականացնէ Պէյրութ-Հռոմ-Պէյրութ 11 թռիչքներ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հասպանի ընդգծեց զինուորական եւ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու կարեւորութիւնը` սկսելով լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան կայունութենէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կառավարութեան համար արտօնելի չէ` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը կը գտնուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դաշտին մէջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ նախընտրելի է լիբանանեան բանակի նոր հրամանատարի նշանակումը` աւելցնելով, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա ան կրնայ փոփոխութեան ենթարկել զայն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ խորհրդարանը իրաւասութիւն չունի երկարաձգելու լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պաշտօնավարութիւնը: Ան ընդգծեց, որ այս պարագային պատասխանատու է գործադիր իշխանութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ: Քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ֆրանսացիներուն եւ այլոց մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, որ Հըզպալլա լուրջի չ՛առներ իր դէմ ուղղուած բոլոր սպառնալիքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ Ռաշայայէն եւ տիւրզի շէյխերու պատուիրակութեան մը: Անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին զօր. Աունին` լիբանանեան բանակի տասնապետ Ապտել Քերիմ Մըքտատի նահատակութեան առիթով: Պատուիրակութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ սպանական զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Սպանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Թէոտորօ Քալտերոնի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Զօր. Քալտերոն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քըրթ Ճորճ Շթուքըլ Շթիլֆըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը միացեալ հարցեր:

Նախորդը

Պայտըն Նեթանիահուին Ուշադրութեան Կը Յանձնէ Կազայի Մէջ Քաղաքայինները Պաշտպանելու Եւ Բնակիչները Համասէն Անջատելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Արգիլել Լիբանանի Հաշուոյն Կատարուելիք Որեւէ Գործարք» Շեշտեց Ժեմայէլ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.