Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Մտավախութիւն Ունինք, Որ Ա. Իշխանութեան Դատարկութեան Պատճառով Ոմանք Իւրացնեն Լիբանանի Պատերազմի Որոշումը»

December 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ կը յայտնեն Կազայի պատերազմին եւ անոր պատճառած աղէտին առումով` աւելցնելով, որ վեցօրեայ զինադադարը շարունակուելու պարագային կրնար բարիք բերել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց այն հաւանականութիւնը, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կրնայ նոր ռազմաճակատ բացուիլ` աւելցնելով, որ պաղեստինեան որեւէ շարժումի ծնունդը` Լիբանանի մէջ, երկրին գերիշխանութեան եւ անկախ պետականութեան դէմ ոտնձգութիւն է: Խորհուրդը հաստատեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պէտք է միայն լիբանանեան պետութեան որոշումը ըլլայ, որովհետեւ անիկա բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի:

Խորհուրդը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը արտակարգ իրաւունք ունի պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշում տալու` աւելցնելով, որ պետութիւնը պէտք է ամբողջական համակարգ ունենայ` սահմանադրական իր հաստատութիւններով, ինչպէս նաեւ պէտք է բաւարար միջոցներ ունենայ երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելու համար: «Ասիկա պիտի ըլլայ բանակին դերակատարութիւնը, իսկ բանակը պէտք է պահպանուի` իբրեւ սահմանադրական հիմնական հաստատութիւն, որուն հրամանատարութիւնը դատարկութեան ենթարկուելու սպառնալիքի տակ չի կրնար գտնուիլ: Բանակը պէտք է ունենայ ամէն տեսակի կարեւոր եւ հզօր զէնքերն ու զինամթերքը, որպէսզի կարենայ կատարել իր պարտականութիւնը` պետութիւնը եւ հասարակութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատելու առումով», շեշտեց ան:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտավախութիւն յայտնեց, որ երկրին Ա. իշխանութեան դատարկութեան պատճառով ոմանք իւրացնեն Լիբանանի պատերազմի որոշումը, անդամալուծեն բանակը, խախտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը եւ Լիբանանը վերածեն շրջանային զինուորական բաց ռազմաճակատի` առիթ տալով, որ ոչ լիբանանեան զէնքին դիմաց բացուին լիբանանեան բոլոր շրջանները:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ նման կացութիւն խստիւ մերժելի է, որովհետեւ անիկա Ազգային ուխտին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին խախտում է: Անոնք խորհրդարանի նախագահէն եւ երեսփոխաններէն պահանջեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մաղթեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութիւնը վերադառնայ եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի, որպէսզի իւրաքանչիւր տուն առիթը ունենայ տօնական օրերու ուրախութիւնը ապրելու եւ այդ օրերուն լոյսը վայելելու, եւ որպէսզի արտերկրի լիբանանցի մեր զաւակները կարենան այցելել Լիբանան եւ իրենց ընտանիքներուն հետ նշեն տօնական օրերը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան անոնց վերադարձին կը վստահի, որովհետեւ անոնք են ընկերային եւ տնտեսական կայունութեան օժանդակող տարրերը:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Եւ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը Եւ Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.