ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Խաթիպ հաստատեց, որ Դիմադրութեան այլընտրանքը երկրին գերիշխանութիւնը պահպանող հզօր պետութիւնն է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթաքին ընդգծուեցաւ նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը: Համիէ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու հիմնական ելքը լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնն է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը շարունակող նիստին` հաստատեց, որ 2024-ի ամավարկի նախագիծին մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար գումար մը նախատեսուած չէ: Քանաան ընդգծեց, որ յանձնախումբը իր նիստերը շաբաթական դրութեամբ 4-ի պիտի բարձրացնէ` կարենալ յանգելու համար վերջնական արդիւնքի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ որեւէ օրէնսդրական նիստի, որ կը գումարուի նախագահական ընտրութեան նիստէն առաջ: Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի չճանչնան խորհրդարանի այսօրուան նիստին ընթացքին որդեգրուած օրէնքները` աւելցնելով, որ կատարուելիքը սահմանադրական յեղաշրջում է:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տի Վալը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կացութիւնն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն եւ յանձնառու կը մնայ երկրին ապաքինման:


