Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Երկարաձգուի՞

Դեկտեմբեր 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը առաջնահերթութեան իր դիրքը զիջած է լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին վրայ ստեղծուելիք հաւանական դատարկութիւնը կանխարգիլելու ճիգերուն:

Այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուող ջանքերը ընդհանրապէս պղտոր եւ մշուշոտ մթնոլորտի մէջ կը կատարուին, սակայն ինչ որ կատարեալ յստակութեամբ կը պարզուի հանրութեան դիմաց հիմնական երկու կեցուածքներու միջեւ կռիւն է, որ կը մղուի լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն միջեւ:

Այդ կեցուածքներուն առաջինը կ՛ընդգծէ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը, իսկ երկրորդը կը հաստատէ բանակի նոր հրամանատար մը նշանակելու կարեւորութիւնը:

Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ եւ ղեկավար իր կեցուածքը կը նկատէ օրինական ու սահմանադրական չափանիշները ամբողջացնող, այսպիսով ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ յարիր է լիբանանցիին: Այլ խօսքով` զուտ լիբանանեան եղանակով դրսեւորուող մօտեցում մը, որ անյստակութեան այլ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ երկրին մէջ` աւելի «արկածախնդրական» դարձնելով քաղաքացիներուն առօրեան:

Սակայն բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը սակայն, երկիրը պահպանելու հիմնախնդիր է: Բանակը կը մնայ երկրին հիմնասիւնը, որուն շուրջ կայ լիբանանեան համախոհութիւն եւ որուն կառուցուածքը ամուր կը պահէ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ ազգային գոյակցութիւնը:

Անցնող ամիսներուն ընթացքին, բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին յանձնառուի դերին մէջ էր մարոնի համայնքի պատրիարքութիւնը:

Նոյն դիրքէն մեկնած` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Ռիատ կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին գերիշխանական կեցուածքներուն:

Հանդիպումին ընթացքին Պուխարի յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի օժանդակ հինգ երկիրներու մտահոգութիւնը լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պարագային դատարկութեան փուլի մը ստեղծման հաւանականութենէն:

Ան շեշտեց, որ երեսփոխանները ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն` արգիլելու համար նման հաւանականութիւն: «Լիբանանցիները պէտք է իրենց ճիգերը մէկտեղեն եւ Լիբանանի շահերը գերադասեն` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի Լիբանան վերադառնայ իր ոսկեայ դարաշրջանին», ըսաւ Պուխարի:

Այս իմաստով ան նկատել տուաւ, որ հինգ երկիրները կը շարունակեն իրենց ջանքերը` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով, առանց նախագահական թեկնածուներու խաղին մէջ մուտք գործելու:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց զօր. Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կասկածներ ունի եւ այն տպաւորութեան տակ է, թէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը խանգարելու առումով դաւադրութիւն մը կը նիւթուի:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը պնդէ, որ զօր. Աունի պաշտօնավարութիւնը պէտք է երկարաձգուի` զգուշացնելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը, որ Դիմադրութեան առանցքին հետեւորդն է, բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը «խաղերու» պիտի ենթարկէ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենց փափաքն է, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, որպէսզի երկրին ընթացքը իր բնականոն հունով շարունակուի:

Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան կարելի չէ բանակի նոր հրամանատար նշանակել:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը հակադրուի բանակին կանոնագրութեան` աւելցնելով, որ նման քայլ մը առնել կը նշանակէ վարկաբեկել իւրաքանչիւր սպայ, որ ատակ է ստանձնելու բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` մղուելով բանակին նկատմամբ իրենց նախանձախնդրութենէն:

Նախորդը

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?