Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Քաղաքական Թէ Ապահովական Զարգացումներու Լոյսին Տակ. Առանցքային Ճիգեր ու Շփումներ` Ներքին Ճակատի Կայունութեան Ամրապնդման Գծով

Դեկտեմբեր 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան երկու ամիսներէ ի վեր Միջին Արեւելքի շրջանին, յատկապէս` Կազայի մէջ շարունակուող բախումներու լոյսին տակ, լիբանանեան տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմեր ճիգ չեն խնայեր բախումներու դադրեցման, որ կրնայ դրական ենթահող պատրաստել նոր փոխանակումի մը` պաղեստինցի արգելափակեալներու եւ իսրայէլացի պատանդներու միջեւ: Սակայն գետնի վրայ կացութիւնը այնքան ալ վարդագոյն չէ: Աւելի՛ն, բախումները օրըստօրէ յաւելեալ զոհեր կը խլեն ու նիւթական հսկայական կորուստ կը պատճառեն: Այլ խօսքով, Լիբանան ուզէ մասնակցիլ կամ ջանայ հեռու մնալ բախումներէն, իր կամքէն անկախ կը մխրճուի պատերազմին մէջ, հակառակ  լիբանանեան զանազան կողմերու կոչերուն` Լիբանանը հեռու պահելու այդ բախումներէն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ պիտի արգիլէ Հըզպալլայի յարձակումները` Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ ապազինեալ գօտի ստեղծելով: Նոյն ծիրին մէջ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ կարելի է խուսափիլ Լիբանանի դէմ պատերազմէ, եթէ միջազգային կողմերը կարենան Հըզպալլան հեռացնել (Լիբանանի) հարաւէն. «Այլապէս` մենք առանձինն պիտի ձեռնարկենք այդ քայլին», ընդգծեց Քոհեն: Իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ սպառնաց Հըզպալլայի մէկ հարուածին դէմ հինգ անգամ հակադարձել»: Փոխադարձաբար, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իսրայէլեան սաստումները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին Հըզպալլայի համար: «Տակաւին նոր սկսանք եւ մեր զինամթերքը դեռ չենք օգտագործած», ընդգծեց երեսփոխան Ռաատ:

Խորքին մէջ, Լիբանանի պարագային բախումներու ծիրը հետզհետէ կ՛ընդարձակուի, ինչպէս որ պատահեցաւ շաբաթավերջին, երբ իսրայէլեան անօդաչու սարքերու հրթիռները թիրախաւորեցին Լիբանանի հարաւային սահմանագիծէն ներս` Նաքուրայի սահմանագիծէն մինչեւ Հունին Թահթա աւելի քան քառասուն քմ դէպի լիբանանեան շրջաններու աւանները, ինչ որ աննախընթաց է բախումներու բռնկումէն ի վեր, 7 հոկտեմբեր 2023-ին: Նմանապէս` մասնակի բախումներ արձանագրուեցան նաեւ իսրայէլեան դիրքերու եւ Հըզպալլայի զինեալներու միջեւ: Հոսկէ` պաղեստինցի մարտիկներու նախապայմանը` բախումներու կասեցում նախքան բանակցային որեւէ հանդիպում թշնամիին հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, Հըզպալլայի ղեկավարներ շեշտեցին, թէ այնքան ատեն որ Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Կազայի շրջանը, Հըզպալլա պիտի շարունակէ իր պայքարը: Իսկ Իրանի բարձրաստիճան պատասխանատու մը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, թէ Իսրայէլ Լիբանանի ուղղութեամբ հարուածելով կը միտի Կազայի հետ բախումները ընդլայնել եւ վերածել շրջանային պատերազմի: Իրերու այս դրութեան գահավիժումի ընթացքը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ իրենց օրապահիկով ու կեանքի ապահովութեամբ յոռետես լիբանանցիներուն: Աւելի՛ն, երկրաշարժի մէկ մասնագէտին կարծիքով` Լիբանանի, յատկապէս բախումներու ենթակայ շրջանները կրնան երկրաշարժի վտանգին մատնուիլ, եթէ Իսրայէլ հարուածէ Հըզպալլայի զինեալներու թէ զինամթերքի դիրքերը:

Այս բոլորի լոյսին տակ ակներեւ է, որ շրջանին մէջ «Նոր Միջին Արեւելք»-ի մը կազմութեան հին, բայց նոր արտաքին ախորժակները նոր թափ ստացած են: Փաստօրէն Կազայի, Իրաքի, Սուրիոյ, հարաւային Լիբանանի, հասնելով մինչեւ հարաւային Կովկասի, Արցախի ժողովրդագրական տեղափոխումները (չըսելու համար բռնագաղթերը) ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ շրջանային ու միջազգային բեւեռացումներու նոր համակարգի մը ենթահողի պատրաստութիւն: Գործնական, զինեալ այս քայլերու տեսական տարբերակը մշակուած է շատ աւելի կանուխ, սկսելով Իսրայէլի նախկին վարչապետ Շիմոն Փերեզի «Նոր Միջին Արեւելք»-էն մինչեւ ամերիկացի նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայսի «Կառուցողական քանդում»-ի ծրագիրը, որ յանգեցաւ այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ի ապահովական թէ քաղաքական ցնցումներուն եւ այս մասին պատրաստուած հարիւրաւոր հետազօտական ծրագիրներուն, որոնց նորագոյնը պատրաստած է Իսրայէլի գաղտնի գործակալութեան նախարարը` հետազօտելով Կազայի բնակչութիւնը դէպի Ռաֆահ եւ անդին «տեղափոխելու» կարելիութիւնները: Հոսկէ` այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Իսրայէլ իր կարգին կը ծրագրէր զինուորական գործողութեամբ մը Կազայի պաղեստինցիները «վտարել» շրջանէն: Սական 7 հոկտեմբերի համասեան գործողութիւնը կանխեց եւ ջլատեց անոր այդ ծրագիրը:

Դիւանագիտական Նոր Եռուզեռ`
Լիբանանի Ուղղութեամբ

Այս մթնոլորտին մէջ ներքինի կողքին նաեւ արտաքին շրջանակներ մտահոգ ու նախանձախնդիր են լիբանանեան «ճակատ»-ը զերծ պահելու սաստկացող բախումներէն: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ այսօր` երկուշաբթի, շրջանային իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ Իսրայէլէն Լիբանան հասնի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա եւ հանդիպումներ ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Ֆրանսական աղբիւրներ Քոլոնայի աւելի կանուխ այցելութեան յետաձգումը վերագրած էին զինք փոխադրող օդանաւի խանգարման:

Նմանօրինակ առաքելութեամբ յառաջիկայ օրերուն Լիբանան պիտի այցելեն քաթարցի պատուիրակներ: Նոյն բովանդակութեամբ քուլիսային խորհրդակցութիւններ կը կայանան նաեւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ընթացքին Փեքինի մէջ:

Յառաջիկայ երկու շաբաթները առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին այս խօսակցութեանց բիւրեղացման գծով, ուր բախումներու կասեցման հրամայականը  կիզակէտը պիտի ըլլայ այդ խորհրդակցութեանց սեղանի օրակարգին: Այս գծով աւելի քան հինգ պատկերացումներ կամ բեմագրութիւններ կան, ուր Լիբանանի յատկապէս հարաւային շրջանին մէջ կը նախատեսուի միջազգային ուժեր (յատկապէս` սէուտական ու եգիպտական) տեղակայել կամ դիրքաւորել բախումներու զգայուն դիրքերու մօտ:

Խորքին մէջ, հակառակ իրենց հրապարակային կեցուածքներուն, առնչակից կողմեր տողատակի կը հասկցնեն, թէ շրջանին մէջ բախումները պիտի շարունակուին եւ միամտութիւն է զանոնք մէկ երկու ամիսէն կասեցնելու պատրանքը:

Ներքին Ճակատի Վրայ Կոչերը Կը Շեշտուին

Միւս կողմէ, Կաղանդէն ետք կը նախատեսուի, որ Լիբանան այցելէ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Լուի Լը Տրիան, որուն խորհրդակցութեանց մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն Լիբանանի ներքին հրատապ հարցերը` նախագահական ընտրութենէն մինչեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի կիրարկման քայլերը:

Այս իմաստով լիբանանցի պատասխանատուներ շեշտեցին ներքին ճակատի ամրապնդման կարեւորութիւնը: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կիրակնօրեայ իր պատգամին մէջ ողջունեց լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի (եւ իր աստիճանի զինուորականներու) պաշտօնավարութեան մէկ տարիով երկարաձգումը, ինչ որ «երկիրը փրկեց ներքին քաղաքական տագնապէ»: Իր  կարգին, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Լիբանան ներկայիս առանց «գլուխի» կեցած է շրջանը հարուածող փոթորիկին դէմ: «Մեր առանձնայատկութիւնները, մեր միութիւնը եւ ինքնութիւնը սրբութիւններ են, զորս լիբանանցիք չեն արտօներ կորսնցնել», ընդգծեց Աուտէ եպիսկոպոս:

Նմանապէս, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց միջլիբանանեան միասնականութեան ամրապնդումը` արտաքին հարուածներուն դէմ:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց Քուէյթի Իշխանին Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Պայրամով Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Ազրպէյճան Շահագրգիռ Կողմ Է Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?