Լիբանանցիք կը գտնուին տօնական աւանդական մթնոլորտի սեմին, ուր իւրաքանչիւր անհատ վերանորոգ յոյսեր կը տածէ նոր եռանդով ու վճռականութեամբ նորանոր յաջողութիւններ իրագործելու: Սակայն այս տարի նման յոյսեր կրնան չծաղկիլ: Փաստօրէն լիբանանցիներու մեծ մասը իրազեկ է երկրին մէջ եւ շուրջ տիրող իրավիճակին եւ գրեթէ համոզուած է, թէ ընկղմելու վտանգին տակ գտնուող նման պայմաններու մէջ յոյս չկայ փափաքներ իրագործելու եւ ինքզինք կատարելագործելու: Խորքին մէջ, ներկայիս Լիբանանի բնակչութեան հիմնական պահանջները կեանքի ապահովութիւն, կայունութիւն եւ ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքներու ձեռքբերումն են: Այլ խօսքով, տարբեր ուղղութեամբ չէր կրնար ընթանալ լիբանանցիին մտասեւեռումը տօնական այս օրերու սեմին: Քանզի երկրին պարզած վիճակը այնքան ալ խոստմնալից վարդագոյն չէ ըստ յոռետեսներու: Փաստօրէն, հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ: Աւելի՛ն, իսրայէլեան թշնամի բանակի հրամանատարութիւնը Հըզպալլան «վերացնելու» եւ հարաւէն հեռացնելու գաղտնի յատուկ ծրագիր մը պատրաստած է, ինչպէս կը նշէ «Թայմզ» թերթը: Այդ ծրագիրի գործադրութեան կանաչ լոյսը կը գտնուի վարչապետ Նեթանիահուի տրամադրութեան տակ, որ վստահաբար պիտի չուշանայ բացայայտելու իր կեցուածքը:
Նոյն ծիրին մէջ, Ֆրանսա ճիգ չի խնայեր Լիբանանը (ի մասնաւորի անոր հարաւային «ճակատ»-ը) զերծ պահելու տիրող պատերազմական վիճակի հետեւանքներէն: Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա շրջանային իր այցելութեան ծիրին մէջ լիբանանցի վարիչներու հետ (խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներու) իր խորհրդակցութեանց աւարտին խիստ յոռետես տպաւորութեամբ արտայայտուեցաւ` թախանձագին թելադրելով լիբանանցի պատկան կողմերուն` չմխրճուելու պատերազմի թոհուբոհին մէջ: Նմանապէս, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարօ «խիստ լարուած ու վտանգաւոր» որակաեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը` թելադրելով չընդլայնելու բախումներու ծիրը Լիբանանի ուղղութեամբ: Այս գծով, ըստ իրազեկ մեկնաբաններու, Լիբանանի կացութիւնը հազիւ յառաջիկայ գարնան կրնայ յստականալ, Կազայի դէպքերու աւարտէն եւ «յաղթական ու պարտուող» կողմերու յառաջանալիք նոր «կացութեան» գծով ներկայացնելիք պայմաններու լոյսին տակ: Տակաւի՛ն, ոմանք կ՛երթան մինչեւ յառաջիկայ նոյեմբեր 2024-ի վերջերը, երբ ամերիկեան նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ կրնան շրջանին գծով ամերիկեան նոր մօտեցման առջեւ գտնուին պատկան շրջանային առնչակից կողմերը:
Նաեւ Ընկերային Եւ Ապրուստի
Կենցաղային Իրավիճակը Մռայլ Է
Ապահովական մտատանջութեան կողքին լիբանանցիք նաեւ մտահոգ են իրենց ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովումի միջոցներով: Փաստօրէն, Մարդկային իրաւանց 2023-ի տեղեկագիրը յետադարձ ակնարկով խիստ ժխտական կը նկատէ Լիբանանի վիճակը` տիրող փտածութեան, անտարբերութեան եւ վարչամեքենայի ամուլ գործունէութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ: Նոյն ծիրին մէջ, Եւրոպական դիտորդական հարթակը եւս կը քննադատէ լիբանանցի վարիչներու «ձախաւերութիւնը» տարրական բարեկարգումներու իրագործման գծով: Իսկ նման բարեփոխումներ անհրաժեշտ կը դարձնեն նախագահի գոյութիւնը իր «աթո՛ռ»-ին վրայ, որ ցաւ ի սիրտ թափուր է աւելի քան տարիէ մը ի վեր: Խորքին մէջ վերջին տարիներուն Լիբանանը հարուածած տագնապները` Քորոնայի համավարակ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, ընկերային բողոքի ցոյցեր, այս բոլորը կազմալուծեցին գործող վարչամեքենայի ուժականութիւնը:
Բնականաբար պատկան պատասխանատուներ քաջատեղեակ են այս իրողութեան, եւ առ այդ` անոնց ճիգերը կեդրոնացած են ընդառաջելու լիբանանցիներու կենցաղային ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովման վրայ: Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել այն, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ` երկուշաբթի, մէկէ աւելի աշխատանքային նիստեր ու հանդիպումներ ունեցաւ առնչակից մարզերու պատասխանատուներուն հետ:
Յոյսի մէկ այլ նշոյլ կը նկատուի նաեւ տօնական առիթներով Լիբանան սպասուող զբօսաշրջիկներու այցելութիւնն ու հարազատներու «տօնական արձակուրդով» տունդարձը, ինչ որ իրեն հետ պիտի «հոսեցնէ» մօտ երկու հարիւր հազար «հիւրերու» կանաչ թէ կապոյտ դրամանիշերու կոկիկ «գանձը»:
Յառաջիկայ օրերու դէպքերու ապահովական թէ քաղաքական զարգացումները կրնան որոշ լուսաբանութիւններ սփռել այս առնչութեամբ: