Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Լիբանանի հետ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են` հարաւային սահմանագիծի ապահովական մագլցումները դադրեցնելու առումով դիւանագիտական լուծման մը յանգելու նպատակով, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումներն ու փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին:
Այս շրջագիծին մէջ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը յորդորած են Հըզպալլայի դէմ ընդարձակ յարձակում չշղթայազերծել:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը երէկ ռմբակոծեցին Ժապալ Պաթ, Այթարուն, Մհայպիպ, Այթա Շաապ, Ռըմէյշ, Մարուն Ռաս, Լապպունէ, Նաքուրա, Ժըպպայն, Եարին, Պլիտա, Եարուն, Խիամ, Մըրուահին, Պուսթան, Եաթեր եւ Քֆարքիլա շրջանները:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ մնայուն կերպով թռիչքներ գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ:
Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիա դիրքը` պատճառելով հսկայական վնասներ:
Աւելի ուշ, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ իր մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծած են Մալիքիան:
Հըզպալլա ռմբակոծումի ենթարկեց իսրայէլեան Ռամիա դիրքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Շումերա զօրանոցը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:12-ին Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Նաքուրայի մէջ իսրայէլեան ծովային դիրքը` պատճառելով ուղղակի հարուածներ եւ վնասներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին ռմբակոծած է Տհայրայի իսրայէլեան զինուորական դիրքը: Միաժամանակ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է Մանարայի դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլեան զինուորներու համախմբում մը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Ալի Պասսամ Շիթ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


