Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Մզկիթ Մը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

December 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ կացութիւնը կը մնայ լարուած` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Թիպէ գիւղաքաղաքը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուեցաւ ելեկտրականութեան բարձր լարման ցանցը` պատճառ դառնալով, որ ելեկտրական հոսանքը անջատուի:

Թշնամի Իսրայէլի բանակը գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Թէյր Հարֆա, Մէյս Էլ Ժապալ, Հուլա, Խիամ, Պլիտա, Լապպունէ, Նաքուրա, Ժապալ Պաթ, Այթարուն, Մարուն Ռաս, Շիհին, Մըրուահին, Այթա Շաապ, Ալմա Շաապ,  Մհայպիպ, Քաունին, Ռըմէյշ եւ Եարուն շրջանները:

Իսրայէլեան բանակը կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծեց Ժըպպայնի մզկիթը` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ յետմիջօրէին թռիչքներ գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն վերեւ:

Դիմադրութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Շումերա զօրանոցը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Աւելի ուշ, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ իր մարտիկները կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին ռմբակոծած են Եաֆթահի զօրանոցը, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Հաունին դիրքին վրայ գտնուող զինուորներու համախմբում մը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մուսա Պարաքաթ, Մուսթաֆա Մուսթաֆա եւ Ահմետ Հասան Մքահհալ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Մ. Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Քանատա Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան

Յաջորդը

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Շարք Մը Օրէնքներու Եւ Յետաձգեց Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծին Վաւերացումը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.