Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղթականներու Համաշխարհային Ֆորում. Միքաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բաժնեկցելու Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարի Լուծման Մարտահրաւէրը»

December 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վաղը` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ ընթացիկ կառավարութեան նիստին:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ մասնակցեցաւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Գաղթականներու համաշխարհային ֆորումին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Միքաթի կոչ ուղղեց բաժնեկցելու Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի լուծման մարտահրաւէրը` հաստատելով, որ արդէն իսկ ընկերային եւ տնտեսական տագնապներու բեռին տակ կքած Լիբանանը դէպի ամբողջական քանդում կ՛ուղղուի այս իմաստով:

«Կը մերժենք, որ ոմանք մեր երկիրը այլընտրանքային հայրենիքներու ծրագիրներ նկատեն», շեշտեց Միքաթի:

Ան անդրադարձաւ նաեւ 75 տարի առաջ Լիբանանի հիւրընկալած պաղեստինցի գաղթականներուն, բան մը, որուն համար Լիբանան շատ սուղ վճարած է: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան առաջնահերթ կը նկատէ Պաղեստինեան հարցին լուծումը` պահանջելով կասեցնել Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ կատարուող իսրայէլեան բռնարարքները:

Նշենք, որ ֆորումի նախօրեակին Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Կրանտի բարձր գնահատեց Լիբանանի դերակատարութիւնը` տեղահանուածները հիւրընկալելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ իրենց եւ Լիբանանի կառավարութեան ու Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ գործակցութիւնը շինիչ է` աւելցնելով, որ այդ պատճառով տեղահանուածներուն մասին բոլոր տեղեկութիւնները յանձնուած են Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին:

Ան ըսաւ, որ տեղահանուածներու հարց գոյութիւն ունի շատ մը երկիրներու մէջ` աւելցնելով, որ անիկա իրենց համար մարտահրաւէր կը նկատուի: «Համոզուած ենք, որ իտէալական լուծումը պիտի ըլլայ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրել Սուրիոյ մէջ, սակայն անիկա կատարելը ժամանակի կը կարօտի», շեշտեց Կրանտի:

Նախորդը

Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլեան Բանակին Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.